Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Սթամպուլի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «Գերմանիոյ Պատասխանատուութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ» Գիրքի Շնորհանդէսը

Գերմանացի լրագրող, գրող Եուրգեն Կոտշլիգը Դեկտեմբեր 2-ին Սթամպուլի մէջ պիտի ներկայացնէ իր՝ «Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ» գիրքը:

Ըստ ermenihaber.am-ի թրքական «Demokrat haber» լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, որ գիրքի շնորհանդէսին ժամանակ գրողը հատուածներ պիտի կարդայ գիրքէն, ապա պիտի պատասխանէ ներկաներու հարցերուն:

Գիրքը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս Գերմանիան, որ կը ցանկար Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ իր տիրապետութիւնը հաստատել Արեւելքի մէջ, Թուրքիան ներքաշեց պատերազմի ոլորտ: Օսմանեան կայսրութեան բանակին մէջ ծառայող գերմանացի զինուորները հայերը լրտես եւ դաւաճան կը համարէին: Իսկ երբ հայերուն բռնի տեղահանութիւնը Ցեղասպանութեան վերածուեցաւ, գերմանական կառավարութիւնը գտաւ, որ միլիոնաւոր մարդոց կոտորածը «դաժան, սակայն արդիւնաւէտ մեթոդ է»: Ըստ հեղինակին Գերմանիան անտեսած է հայերուն դէմ կատարուող վայրագութիւններուն վերաբերեալ՝ դիւանագէտներու եւ հոգեւորականներու մտահոգութիւնները:

Եուրկեն Կոտշլիգը գիրքը գրելու համար այցելած է այն վայրերը, ուր տեղի ունեցած են դէպքերը, հանդիպած է Ցեղասպանութեան զոհերու հարազատներու հետ, ուսումնասիրած է գերմանական եւ թրքական արխիւները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին