Գերմանիոյ Օպերհաուզըն քաղաքի դրամատիկական թատրոնին մէջ, Դեկտեմբեր 3-ին կայացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի երեկոյ, որուն ժամանակ հնչեցին համաշխարհային գրականութեան եւ երաժշտութեան ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ կայացաւ լուսանկարիչ Էնտի Սփուրայի լուսանկարներու ցուցադրութիւնը։ Այս մասին ըստ Artsakhpress.am-ի կը յայտնէ Der Westen պարբերականը:
Օպերհաուզընի թատրոնի անսամպլի մենակատար Հարթմութ Շթանգեն կը յիշեցնէ, 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին` ընդգծելով, որ այդ իրադարձութիւնները մինչ օրս Թուրքիոյ մէջ արգիլուած է Ցեղասպանութիւն կոչել: Շթանգեն օրինակ կը բերէ Ֆրանսան, ուր 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար տուգանք սահմանուած է:
Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած երեկոյի ընթացքին Շթանգեն հատուածներ կարդաց Ֆրանց Վերֆելի Մուսա Լերան 40 օրը վէպէն: Երեկոյին միւս հատուածը նուիրուած էր երիտասարդ լուսանկարիչ Էնտի Սփուրայի ցուցահանդէսին, որ կը կոչուի «Հետքերու որոնում Արարատի եւ Վանայ լիճի միջեւ»: