Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Հայաստան «Քոչարի» Խմբային Պարին Վերաբերեալ Լրացուցիչ Մշակման Ենթարկուած Դիմում Կը Ներկայացնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Քննարկման

Նամիպիոյ մայրաքաղաք Վինտհուքի մէջ 30 Նոյեմբերէն սկսեալ՝ իր աշխատանքը սկսած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման միջկառավարական կոմիտէի 10-րդ նստաշրջանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն յայտնած են, որ այլ հարցերու կողքին քննարկուած են՝ Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին վրայ արձանագրուելու համար ներկայացուած 35 դիմումներ, որոնց շարքին է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնախումբի` «Քոչարի. աւանդական խմբային պար» դիմումը:

Հայրենի պատուիրակութեան ներկայացուցած փաստարկներուն շնորհիւ՝ կոմիտէն վերատեսութեան ենթարկած է փորձագիտական խումբի նախնական որոշումը: Կոմիտէի անդամներու, փորձագէտներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամներու միջեւ ծաւալած քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք` կոմիտէն հաստատած է, որ «Քոչարի» աւանդական խմբային պարը` ըլլալով ազգային ինքնութեան դրսեւորում, տարածուած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Հայաստան լրացուցիչ մշակումի ենթարկուած դիմումը պիտի ներկայացնէ կոմիտէի հետագայ քննարկման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին