Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան 59-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւն – Լուտովիքա Եւ Յակոբ Այնթապլեան Ամոլը $4.5 Միլիոն Կը Նուիրեն Միութեան

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2015ի երեկոյեան ժամը 8-ին, տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան 59-րդ տարեդարձի փառաշուք եւ պատմական տօնակատարութիւնը:

Այդ օր յորդահոս բազմութիւն մը ողողած էր Միութեան գեղակերտ կեդրոնի ընդարձակ սրահը:

Միութեան Խնամակալ Մարմնի անդամ, բազմաբեղուն հասարակական գործիչ Թոմիկ Ալեքսանեան ելոյթ ունեցաւ, իր կողքին ունենալով Միութեան Խնամակալ Մարմնի մեծանուն իրաւաբան եւ ազգային գործիչ Արսէն Դանիէլեանը եւ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան երիտասարդ ու ժրաջան ատենապետ Յովիկ Գաբիքեանը:

Պրն. Ալեքսանեան յայտարարեց, թէ գաղութիս ծանօթ ազգայիններէն Տիկին Լուտովիքա եւ իր ամուսինը՝ Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան՝ 4.5 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարած են Միութեան: Այս գումարին երկու միլիոնը արդէն փոխանցուած է Միութեան պարտամուրհակը մարելու համար, իսկ $2.5-ը պիտի պահուի Միութեան մօտ, որպէս անձեռնմխելի հիմնադրամ, որուն տոկոսները պիտի գործածուին Միութեան ծրագիրներուն համար:

Առ ի գնահատանք Տիկին Լուտովիքայի եւ Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեանի այս առատաձեռն նուիրատուութեան, Միութեան Խնամակալ Մարմինը միաձայնութեամբ որոշած է իրանահայերու փառաշուք կեդրոնը (որ 10 միլիոն տոլարէ աւելի արժած է), յետ այսու կոչել Լուտովիքա եւ Յակոբ Այնթապլեան Կեդրոն:

Խօսք առաւ Խնամակալ Մարմնի նախագահ Արսէն Դանիէլեան, որ սքանչելի խօսքերով եւ բառերով գնահատեց բարերար ամոլը այս նուիրատուութեան համար, մաղթելով իրենց քաջառողջ եւ երկար կեանք:

Ապա երկարատեւ ծափերու տարափի տակ խօսք առաւ բարերար Տօքթ. Այնթապլեան՝ նշելով, որ «իր տիկինը երկար ուսումնասիրութիւններ կատարելէ եւ արժեւորելէ ետք, որոշեց տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք իր խնայողութիւնը այս Միութեան նուիրել, որովհետեւ մենք տեսած ենք եւ գիտենք, որ Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւնը իսկապէս ողջ հայութեան, Հայրենիքի եւ հայ մշակոյթին կը ծառայէ՝ առանց խտրականութեան, եւ թէ այս կեդրոնը իսկապէս բոլոր հայերուն պատուաբեր ու լաւ գործերու կեդրոն է»:

Յիշենք, թէ Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեանի եւ իր տիկնոջ միջոցաւ Հայաստանի մէջ Այնթապլեան աւան մը կը կառուցուի՝ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն բնակարաններ յատկացնելու:

Այս բերկրալի լուրին առիթով, ներկաները բարձրագոյն տրամադրութեամբ շարունակեցին իրենց խանդավառ երգն ու պարը մինչեւ ուշ երեկոյեան ժամեր:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք բարերարներ Լուտիվիքա եւ Յակոբ Այնթապլեանները՝ աստուածահաճոյ եւ ազգօգուտ այս նուիրատուութեան համար:

Շնորհաւորանքի ջերմ խօսք ունինք Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան բոլոր պատասխանատուներուն, մաղթելով անոնց նորանոր յաջողութիւններ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին