Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Ցեղասպանութեան Առնչուող Թալէաթի Հեռագիրներուն Ցուցահանդէսը Պոլսոյ Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Թոփհանէի «Տեփօ» ցուցասրահին մէջ պիտի բացուի՝ «Անձամբ կարգադրեցէք» կոչուած ցուցահանդէսը, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ օրակարգի պիտի բերէ այս նիւթին շուրջ պատմական ճշմարտութիւններ։ 

Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ «Պապիլ» ընկերակցութեան կողմէ պատրաստուած սոյն ցուցահանդէսը ի մի պիտի բերէ՝ պաշտօնական փաստաթուղթերէ առնուած տուեալներ Մեծ Եղեռնին մասին, որուն պաշտօնական անունը «տեղահանութիւն» է Թուրքիոյ մէջ։

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի այս օրերուն, փաստաթուղթերով պիտի քննարկուի, թէ որո՞նք էին Ցեղասպանութեան գլխաւոր դերակատարները, եւ թէ ատիկա ինչպիսի՞ միջավայրի մը մէջ, ինչպիսի՞ պայմաններով իրականացած էր։

«Անձամբ կարգադրեցէք» կոչուած ցուցահանդէսին գլխաւոր նիւթերը կը կազմեն՝ այդ օրերու ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի կողմէ օսմանեան նահանգապետերուն ուղարկուած հեռագիրներն ու փաստաթուղթերը։ Այս հեռագիրները ընտրուած են վարչապետարանի օսմանեան արխիւներէն, որոնց մէկ մասը ներկայիս բաց է հետազօտողներու առջեւ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին