Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Հայկական Կողմը Ի՞նչ Գիւղամթերք Ունի Ռուսիա Արտահանելու Համար

Ռուսիոյ կառավարութիւնը հրապարակած է այն մթերքներուն ցանկը, որոնք այլեւս պիտի չներմուծէ Թուրքիայէն:

Ըստ Panorama.am-ի «Մեդուզա» կայքը հրապարակած է արգիլուած ապրանքներու ցանկը մէկ նկարով։

ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեան յայտարարած է, որ այժմ հանրապետութեան մէջ ունինք բաւարար  քանակով  թարմ պտուղ-բանջարեղէն, ինչպէս խաղող, խնձոր, կաղամբ, ծաղկակաղամբ, ճակնդեղ, գետնախնձոր, ստեպղին, ինչպէս նաեւ ջերմոցային արտադրանք, որոնք կրնանք արտահանուիլ ռուսական շուկայ:

Նախարարը ընդգծած է, որ հայ արտադրողները հնարաւորութիւն ունին աւելցնելու արտահանուող գիւղամթերքի ծաւալները  եւ յորդորած է այս ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանքներ իրականացնել:  Գիւղատնտեսութեան նախարարը յայտնած է, որ այժմ խոշոր արտահանողները փոխադրութեան միջոցները աւելցնելու քայլեր կը ձեռնարկեն։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին