Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Զրոյց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Big Band Նուագախումբի Տնօրէնին ու Խմբավարին Հետ

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

Շուտով բեմ կը բարձրանայ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Big Band նուագախումբը, 25 երաժիշտներու եւ երգիչներու մասնակցութեամբ: Ելոյթները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ շաբաթավերջին՝ 11 եւ 12 Դեկտեմբեր 2015-ին Յակոբ Տէր Մելքոնեան Թատերասրահին մէջ:

Այս առիթով հանդիպում մը ունեցանք Big Bandի նուիրեալ տնօրէնին՝ ընկեր Տիրան Սարգիսեանին ու անոր խմբավարին՝ տաղանդաւոր երաժիշտ Վիգէն Չալեանին հետ:

Զրուցելով խումբին ստեղծման մասին ընկեր Սարգիսեան յիշատակեց. «Նուագախումբ մը յառաջացնելու միտքը մօտս գոյութիւն ունէր բաւական տարիներ առաջ: Նոյնիսկ այդ ուղղութեամբ բազմիցս աշխատանքներ կատարած էինք, սակայն չէր յաջողած: Վերջերս ան դարձաւ իրականութիւն՝ երբ Պէյրութի մէջ յայտնուեցաւ սուրիահայ մեր վաղեմի ընկեր երաժիշտ Վիգէն Չալեանը, որուն առաջարկեցի գործակցաբար նման նուագախումբի մը պատրաստութեան լծուիլ: Վիգէն անմիջապէս ընդառաջեց ու անցանք աշխատանքի»:

Ըստ երեւոյթին եւ ինչպէս յայտնի դարձաւ մեր զրոյցի ընթացքին, կարելի չէր նման մեծածաւալ խումբ մը ստեղծել առանց նիւթական մեծ ներդրումի: Հոս է, որ ընկեր Սարգիսեան կը դիմէ ԹՄՄի Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ ընկեր Յակոբ Գասարճեանին, որ իր գլխաւորած Մարմնին անունով անմիջապէս կ՛որդեգրէ մշակութային այս եզակի երեւոյթին ստեղծման ծրագիրը՝ ստանձնելով անոր մեծածախս հովանաւորութիւնը:

Վիգէն Չալեան շուտով կ՛անցնի անդամահաւաքի եւ կը սկսին փորձերը այս տարուան Յունուարէն սկսեալ: Այս առիթով Պրն. Չալեան փափաքեցաւ մեր միջոցաւ շնորհակալութիւն յայտնել իր բարեկամ Գրիգոր Առնելեանին, որուն դերը մեծ եղած է նուագախումբի անդամներուն թիւը բարձրացնելու մէջ:

ԹՄՄ Հիմնադիներու Մարմինը անմիջապէս սենեակ մը կը տրամադրէ խումբին՝ Պուրճ Համուտի Վահան Թէքէեան Վարժարանին մէջ: Շուտով խումբին թիւը կ՛աճի դառնալու համար աւելի քան ակնկալուածէն: Հետեւաբար խումբին փորձերը կը տեղափոխուին Ժըմմէյզիի Թէքէեան Կեդրոն՝ աւելի արհեստավարժ ու յարմար պայմաններու մէջ ընդանալու:

Մեր հանդիպման ընթացքին Պրն. Չալեանէն տեղեկացանք, որ խումբը ընդհանրապէս կազմուած է փորձառու եւ սիրողական կամաւոր նուագողներէ: Անոնց մեծ մասը արհեստավարժ նուագողներ են, որոնք ի մի եկած են երաժշտութեան աշխարհին ծանօթ Big Band անուան տակ:

«Այս անունը որդեգրուեցաւ, որովհետեւ նախ համաշխարհային անուն է, եւ իրապէս ալ մեծ նուագախումբ մըն է համեմատած այլ նուագախումբերու: Ան երկսեռ է, ունինք թէ՛ տղայ եւ թէ աղջիկ նուագողներ ու երգողներ», ըսաւ Պրն. Չալեան:

Մեր զրուցակիցներէն իմացանք, որ սկիզբը ծրագրուած է փոքր նուագախումբ մը կազմել՝ առաւելագոյնը 10-12 անձերէ բաղկացած, սակայն հազիւ փորձերու սկսած հետաքրքրութիւնն ու խանդավառութիւնը աճած են, որմէ ետք անոր եկած են միանալու ակնկալուածէն աւելի անձեր:

Շուտով բեմ բարձրացող խումբին մէջ այսօր կան 9 փողային գործիք նուագող, 5 ջութակահարներ, 5 սաքսոֆոնիստներ, 1 հարուածային նուագարան նուագող, պաս կիթարիսթ, կիթաահար, թաւ ջութակահար, դաշնակահար մը ու հինգ երգողներ:

Խումբին անդամներուն մեծամասնութիւնը հայեր են, սակայն կան նաեւ ոչ հայեր: «Երաժշտութիւնը չունի լեզու կամ ազգութիւն», ըսաւ Պրն. Չալեան՝ աւելցնելով, որ խումբին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէն թէ՛ Լիբանանէն եւ թէ Սուրիայէն նուագողներ:

Գալով երգերուն մեր զրուցակիցները յայտնեցին, թէ անոնց մեծ մասը հայերէն է, սակայն կան նաեւ արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն ինչպէս նաեւ համաշխարհային նուագներ:

«Նուագողները եւ մանաւանդ նուագախումբ մը կարիքը ունի բեմի եւ այդ մէկը նիւթական կը պահանջէ, այդ իսկ պատճառով նուագողները իրենք եւս կը գիտակցին, որ այս մէկը՝ ԹՄՄի Big Bandը միութենական նախաձեռնութիւն է, այդ իսկ պատճառով յանձն կ’առնեն շատ անգամ սիրայօժար փորձեր ընել», հաստատեց Պրն. Չալեան:

Դարձեալ մեր զրուցակիցներէն իմացանք, որ այս հետաքրքրական բաղադրութեամբ ի մի եկած խումբը, ունի ինչպէս 60 տարեկան նուագողներ, նոյնպէս ալ 19 եւ 20 տարեկան երիտասարդ տարրեր:

Յառաջիկայ առաջին ելոյթը հանդիսատեսներուն պիտի ներկայացնէ 24 երգեր, մօտաւորապէս 1:30 ժամ տեւողութեամբ:

Գալով ապագայի ծրագիրներուն ու հեռանկարներուն, ընկեր Սարգիսեան շեշտեց, որ «այս ելոյթէն ետք վստահաբար պիտի փորձենք շարունակել այս աշխատանքը, միշտ ԹՄՄի հոգատար յարկին տակ, որովհետեւ Լիբանանի տարածքին նման մնայուն նուագախումբ մը գրեթէ գոյութիւն չունի եւ մանաւանդ հայկական միջավայրէ ներս այս մէկը միակն է»:

Ուրախութեամբ իմացանք, որ ծրագրուած է նաեւ նոյն ելոյթները կրկնել զանազան վայրեր, եւ հեռուստաընկերութիւններու ճամբով ցուցադրել աւելի լայն հանրութեան:

Մեր զրուցակիցները ամենանայն հաստատակամութեամբ ըսին, որ իրենք ունին այն հեռանկարը, որ հինգ տարի ետք եթէ նոյն թափով գոյատեւէ նուագախումբը՝ ան կրնայ բաւական բարձր գագթներ նուաճել:

Յաջողութիւն ԹՄՄի Big Bandին ու ամենակարեւորը՝ Յարատեւութիւն:

 

Big Band Փորձի Պահուն
Big Band Փորձի Պահուն
Ձախէն՝ Տիրան Սարգիսեան եւ Վիգէն Չալեան
Ձախէն՝ Տիրան Սարգիսեան եւ Վիգէն Չալեան
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին