Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

«Անցեալը Պէտք Է Յիշել Եւ Անկէ Դասեր Քաղել». Չեխիոյ Խորհրդարանի Խօսնակը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Աշխարհի բոլոր խորհրդարանները մեծ դերակատարում ունին ցեղասպանութիւններու եւ ահաբեկչութիւններու դէմ պայքարին մէջ:

ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ, ամփոփելով Չեխիոյ Հանրապետութեան պատգամաւորներու պալատի նախագահ Եան Համաչէկի հետ հանդիպման արդիւնքները, ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեան ընդգծեց, որ հայը այն ազգն է, որ ահաբեկչութիւն տեսած է Ցեղասպանութեան տեսքով: «Մենք ամենալաւն ենք զգում այդ սարսափելի յանցագործութեան կործանարար հետեւանքները, դրա համար այդ խնդիրները միշտ մեր ուշադրութեան կենտրոնում են», «Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ շեշտեց ան:

Չեխիոյ Հանրապետութեան Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Եան Համաչէկը կը կիսէ  այդ տեսակէտը, որ անցեալը հարկաւոր է միշտ յիշել ու անկէ դասեր քաղել: «Մեծ ուրախութեամբ կրնամ նշել, որ Չեխիոյ Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ներկայ գտնուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի տարբեր ձեռնարկներու», ըսաւ Համաչէկ:

Այն հարցումին, թէ Չեխիոյ խորհրդարանը կը պատրաստուի՞ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ ընդունելու` հաշուի առնելով նաեւ, որ երկու տարի առաջ Չեխիոյ նախագահը օգտագործեց Ցեղասպանութիւն եզրոյթը, Համաչէկ պատասխանեց. «Ինծի կը թուի, որ ես իմ վերջնական խօսքիս մէջ բաւական պարզ արտայայտուեցայ: Եւ Չեխիոյ Հարապետութեան պատգամաւորներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը եւս բաւական պարզ ձեւով արտայայտուած է այս հարցին վերաբերեալ»:

Չեխիոյ Հանրապետութեան Խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէն, 2015 թուականի Ապրիլ 14-ին միաձայն ընդունած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած բանաձեւ մը, որ վկայակոչելով ՄԱԿի Գլխաւոր վեհաժողովին կողմէ 1948-ի Դեկտեմբեր 9-ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի» մասին հրչակագիրը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն որոշումները, կը դատապարտէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին