Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Det Danske Filminstitut-ը Պիտի Ցուցադրէ Երկու Ֆիլմ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Դեկտեմբեր 12-ին` ժամը 16:00-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրէն ներս Det Danske Filminstitut-ը պիտի ցուցադրէ «Փրկութեան քարտէզ» վաւերագրական ֆիլմը, որ կը պատմէ հինգ միսիոներուհիներու եւ մարդասէրներու` Մարիա Ճէքըպսընի, Քարէն Եփփէի, Պոտիլ Պէորնի, Ալմա Եոհանսընի եւ Աննա Պիւլի մասին, որոնք փրկեցին եւ նոր կեանք տուին հազարաւոր հայ մանուկներու, որոնք որբացած էին Ցեղասպանութեան տարիներուն, կը յայտնէ «Հայերն Այսօր»ը:

Երկրորդը Ցեղասպանութեան պատմութիւնը խորհրդանշող եւ բոլորիս յայտնի ֆիլմերէն մէկն է՝ «Նահապետը»: Ֆիլմը կը ներկայացնէ մարդու մը պատմութիւնը, որ Ցեղասպանութեան տարիներուն կորսնցնելով իր կինն ու երախաները, կը փորձէ կրկին կառուցել իր կեանքը:

Դանիոյ եւ Նորվեկիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութենէն կը յայտնեն, որ մինչեւ Դեկտեմբեր 8, ցանկացողները կրնան ելեկտրոնային նամակներ ուղարկել folkedrab100@armembassy.dk հասցէով եւ ստանալ անվճար տոմսեր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին