Դեկտեմբեր 6ին կայանալիք ՀՀ սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէին ժամանակ՝ դիտորդական առաքելութիւն պիտի իրականացնեն 18 տեղական եւ 6 միջազգային կազմակերպութիւններ: ՀՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայքը կը տեցեկացնէ, որ հանրաքուէի ընթացքին պիտի հետեւին 3006 տեղական եւ 116 միջազգային դիտորդներ:
Մասնաւորաբար «Ազատ հասարակութեան հիմնարկ» հասարակական կազմակերպութենէն, ընտրութիւններուն ընթացքը պիտի հսկեն 728 դիտորդներ, «Թրանսփարընսի ինթըրնէյշընըլ» հակակաշառակերութեան կեդրոնէն 435, «Հայք» կազմակերպութենէն 417, «Գեղամայ երիտասարդական տարածքային ընկերակցութենէն» 404, «Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէ»էն` 88 դիտորդներ եւ այլն: ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան 44, ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովի 23, օտարերկրեայ ԿԸՅ ներկայացուցիչներու 33, ԵԽԽՎ 11, ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ 5 դիտորդներն ու Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններու ներկայացուցիչները՝ հանրաքուէի ընթացքին պիտի իրականացնեն դիտորդական առաքելութիւն: