Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Մոնաքոյի Սուրբ Նիքոլա Տէ Ֆոնտուիէ Եկեղեցւոյ Մէջ Ոգեկոչած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Նոյեմբեր 22ին Մոնաքոյի Սուրբ Նիքոլա Տէ Ֆոնտուիէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ պատարագ, Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի մատուցմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն Այսօր»ը։

Պատարագին ներկայ եղած են Ֆրանսայի  եւ Մոնաքոյի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, Մոնաքոյի արքեպիսկոպոս Պերնարտ Պարսին, Մոնաքոյի արքայազն Ալպերթ II-ի պետական քարտուղար Ժաք Պուասոն, Մարսէյլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան, Ալպ Մարիտիմի, Վարի եւ Մոնաքոյի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Գրիգոր աբեղայ Խաչատրեան, Մոնաքոյի հայերու միութեան նախագահ Սերժ Ֆերմանեան, միութեան հիմնադիր տնօրէն Արեւ Մարտիրոսեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցչներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին