Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Հռոմի Պապը Յոյսով Է Որ 2016ին Հայաստան Կ՛այցելէ

Աւարտելով 6 օրեայ շրջագայութիւնը Ափրիկէ` Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոս յայտնած է, որ եկող տարի մտադիր է այցելել Հայաստան եւ Մեքսիքօ:

Խօսելով Հայաստան այցելութեան մասին Ֆրանչիսկոս Պապը նշած է, որ խոստացած է ատիկա երեք պատրիարքներու: «Նման խոստում կայ, սակայն չեմ գիտեր, հնարաւոր պիտի ըլլա՞յ ատիկա իրագործել», ըսած է ան, կը յայտնէ panarmenian.net-ը վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:

«Ես ծեր եմ, իսկ ուղեւորութիւնները դժուար են»,ըսած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը լրագրողներուն, կը տեղեկացնէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն՝ եպիսկոպոս Յովակիմ Մանուկեան նախապէս յայտարարած էր, որ Հռոմի Պապը Հայաստան պիտի ժամանէ 2016ին, այցը հաստատուած է եւ այդ մասին պիտի ըլլայ պաշտօնական յայտարարութիւն:

2013ի Մայիսին հայ կաթողիկէ Պատրիարք-Կաթողիկոս Ներսէս Պետրոս 19րդին հետ հանդիպման ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապը յայտարարած էր, որ կը ցանկար Հայաստան այցելել Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի առիթով եւ մասնակցիլ ոգեկոչման արարողութեան: Այցը տեղի չունեցաւ, սակայն Հռոմի Պապը պատարագ մատուցանեց Վատիկանի մէջ` Հայոց Ցեղասպանութիւնը անուանելով 20րդ դարու երեք սարսափելի աղէտներէն մէկը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին