Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Գանատա Ապաստանած Սուրիացի Փախստականներուն Երկու Երրորդը Սուրիահայեր Են

Սուրիայէն հազարաւոր փախստականներ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի ժամանեն Գանատա եւ կառավարութեան պարզեցուած ծրագիրով պիտի ապաստանին Մոնրէալի ու Թորոնթոյի մէջ:

Ըստ News.am-ի՝ The  Globe and Mail պարբերականը կը հաղորդէ, որ Մոնրէալ տեղափոխուող փախստականներուն երկու երրորդը սուրիահայեր են: Անոնց ֆինանսաւորումը իր վրայ վերցուցած է տեղի հայ համայնքը:

«Փախստականներէն շատերուն մենք նոյնիսկ չենք հանդիպիր: Անոնց ժամանումէն անմիջապէս ետք ֆինանսաւորող խումբերը կը դիմաւորեն զանոնք օդակայանին մէջ եւ անկէ ետք կ՛անհետանան մեր տեսադաշտէն», պարբերականին ըսած է գաղթականութեան հարցերով զբաղող գանատացի պաշտօնեան:

Ըստ պարբերականին նախապէս կազմուած ցուցակներով՝ Գանատա ժամանող սուրիացի փախստականներուն շատ փոքր տոկոսը կը ֆինանսաւորուի կառավարութենէն: Փախստականներուն ֆինանսական կարիքները սովորաբար կը հոգան տեղի համայնքները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին