Նոյեմբեր 30ի եւ լոյս Դեկտեմբեր 1ի գիշերը, ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտած է շուրջ 50 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 900 կրակոցներ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը` խիստ անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով պատժիչ գործողութիւններու: