Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Հայերէն Առաջին Աստուածաշունչի 350 Եւ Յովհաննէս Այվազովսկիի 200ամեակները Ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕի Օրացոյցին Մէջ

Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666թ.) 350ամեակը եւ Յովհաննէս Այվազովսկիի (1817­ 1900թթ.) ծննդեան 200-ամեակը ընդգրկուած են Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու ԵՈՒՆԵՍՔՕի 2016­.20.17թթ. օրացոյցին մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն։

Որոշումը կայացած է Փարիզի ԵՈՒՆԵՍՔՕի կեդրոնակայանին մէջ, Նոյեմբեր 4-­18ը տեղի ունեցած Գլխաւոր խորհրդաժողովի 38­րդ նստաշրջանի ընթացքին: Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած «Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666թ.) 350ամեակ»ը յայտը ստացած է՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան եւ Նիտըրլանտներու Թագաւորութեան աջակցութիւնը, իսկ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ համատեղ ներկայացուած «Յովհաննէս Այվազովսկիի (1817­1900թթ.) ծննդեան 200­ամեակ»ը յայտը` Իտալիոյ Հանրապետութեան աջակցութիւնը: Այսպիսով 1998 թուականէն առ այսօր, Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու ԵՈՒՆԵՍՔՕի օրացոյցին մէջ ներառուած են՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած 21 յոբելինական տարեթիւեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին