Յունուարին եւ Փետրուարին օդի միջին ջերմաստիճանը բնականէն բարձր պիտի ըլլայ 1 աստիճանով, իսկ Շիրակի մարզին եւ Արարատեան դաշտին մէջ` 2 աստիճանով: «Արմենփրես»ի փոխանցմամբ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ այս մասին յայտնած է՝ ՀՀ ՏԿԱԻՆ Հիդրոմետ ծառայութեան օդերեւութաբանութեան կեդրոնի պետի տեղակալ Գագիկ Սուրէնեան նշելով, որ 2015-2016 թուականներուն կը սպասուի տաք ձմեռ: «Տաք ձմեռ ըսելով մենք նկատի չունինք, որ ամբողջ ձմրան ընթացքին գարնանային եղանակ պիտի ըլլայ, ուստի գիւղատնտեսներուն կը յորդորենք այգեթաղ ընել», զգուշացուցած է օդերեւութաբանութեան կեդրոնի պետի տեղակալը:
Ձմրան ամիսներուն տեղումներու քանակը բնականէն բարձր պիտի ըլլայ: Շիրակի, Կոտայքի, Արագածոտնի եւ Վայոց ձորի լեռնային շրջաններուն մէջ, Դեկտեմբերի առաջին կիսուն օդի ջերմաստիճանը պիտի տատանի +4+7 աստիճանի միջեւ, սակայն ամսուան երկրորդ կիսուն` գիշերուան ժամերուն կը սպասուի ջերմաստիճանի անկում մինչեւ -17-23 աստիճան: Լոռիի մէջ ձմրան առաջին տասնօրեակին պիտի ըլլայ +10+14 ջերմաստիճան տաքութիւն, իսկ ամսուան երկրորդ կէսին ջերմաստիճանը պիտի նուազի -15-20 աստիճան: Տաւուշի մէջ Դեկտեմբերի առաջին կիսուն ջերմաստիճանը պիտի ըլլայ +12+15, ամսուան երկրորդ կիսուն 10-15 աստիճան: Սիւնիքի մէջ ամսուան առաջին կիսուն կը սպասուի +10+15, իսկ ամսուան երկրորդ կիսուն պիտի ըլլայ -7-12 աստիճան: Ամսուան երկրորդ կիսուն օդի ջերմաստիճանը հովտային շրջաններու մէջ գիշերը պիտի նուազի -8-12, իսկ լեռնային շրջաններու մէջ -11-16 աստիճան:
Մայրաքաղաքին մէջ Դեկտեմբերի առաջին կիսուն ցերեկային ժամերուն կը սպասուի մօտ +10 աստիճան տաքութիւն, ամսուան երկրորդ կիսուն` գիշերը ցած մասերուն մէջ ջերմաստիճանը կրնայ նուազիլ մինչեւ -12-15, իսկ բարձրադիր մասերուն մէջ -10-12 աստիճան:
2015 թուականին արձանագրուած է չորս օդերեւութաբանական ցուցանիշ. եղած է տաք ձմեռ, շատ տաք ամառ, աննախադէպ խոնաւ Հոկտեմբեր, իսկ Վանաձորի մէջ արձանագրուած է քամիի պոռթկում` 40մ/վ արագութեամբ: