Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

«Հայաստանը Ցոյց Կու տայ Եւրոպային, Թէ Ինչպէս Պէտք Է Ընդունիլ Փախստականները». Էտուարտօ Լորենցօ Օչոա

Հայաստանը փոքր երկիր է, Եւրոպայի համեմատ ունի աղքատ տնտեսութիւն, սակայն անիկա ողջունած է փախստականներուն մուտքը երկիր` օգնութիւն տրամադրելով բոլոր անոնց, որոնք ունին ատոր կարիքը:

Ըստ “Արմէնփրես»ի այս մասին «Հայաստանը ցոյց կու տայ Եւրոպային, թէ ինչպէս պէտք է ընդունիլ փախստականները» խորագիրով յօդուածին մէջ գրած է՝ «Հայաստանի եւրոպական բարեկամներ» կազմակերպութեան նախագահ Էտուարտօ Լորենցօ Օչոան:

Ան ներկայացուցած է, որ Սուրիոյ հակամարտութեան ամենասկիզբէն Հայաստան ժամանած են 17 հազար սուրիացիներ: Եւ թէեւ անոնց զգալի մասը սուրիահայեր էին, այդուհանդերձ եկածներու շարքին կային ասորիներ ու եզտիներ, որոնց համար եւս Հայաստանը տուն դարձաւ: Պատահական չէ, որ Եւրոպայի մէջ Հայաստանը երրորդն է, որ ընդունած է սուրիացի փախստականները:

Ի տարբերութիւն Լիբանանի, Թուրքիոյ կամ Յորդանանի` Հայաստանը Եւրոպական Միութենէն (ԵՄ) չստացաւ նիւթական զգալի աջակցութիւն այս փախստականները ընդունելու համար: Այդուհանդերձ Սփիւռքի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «եթէ փախստականները որոշած են գալ Հայաստան, մեր պետութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու եւ հայկական կառոյցներու հետ պիտի ընէ առաւելագոյնը՝ զանոնք ընդունելու համար»:

«Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ԻՊի կազմակերպած կոտորածները յիշեցուցին հայերուն սեփական պատմութիւնը: Շատ սուրիացիներ որոնք եկան Հայաստան, իրականութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներու ժառանգներն էին եւ շատ հայեր բարոյական պատասխանատւութիւն զգացին` ապահովելու անոնց անվտանգ ապաստարանով: Ասիկա նաեւ կը բացատրէ այն հանգամանքը, թէ ինչու եզտիներուն, որոնք իրենց հայրենական հողերուն վրայ ոչնչացման կ՝ենթարկուին, այստեղ գրկաբաց կ՝ընդունին», նշած է Օչոան աւելցնելով, որ թէեւ ԵՄ պետութիւնները համաձայնութեան կու գան եւրոպական արժէքներու եւ սկզբունքներու հարցով, սակայն տարբեր կերպ կ՝ընկալեն գործնականի մէջ անոնց կիրառութիւնը: Եւ ատիկա առաւել ակնյայտ ընդգծուեցաւ փախստականներու վերջին հոսքին ժամանակ: Այս տարիներուն փախստականներու նկատմամբ դրսեւորած դիրքորոշմամբ Հայաստանը ցոյց տուաւ, որ եւրոպական արժէքները անկեղծօրէն կիսող պետութիւն է: Օչոայի համոզումով ատոր ապացոյցը այն էր, թէ ինչպէս հայերը Փարիզի ահաբեկչութենէն ետք անմիջապէս հաւաքուեցան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ` սգալու զոհերու յիշատակն ու դատապարտելով կատարուածը:

«Շալ Ազնաւորը, որուն ծնողները Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք գաղթած էին Եւրոպա, ըսած է, որ ինք «մշտապէս կը կանգնի անոնց կողքը, որոնք դուռերը կը թակեն, եւ ոչ թէ անոնց, որոնք կը փակեն զանոնք»: Ես կը հաւատամ, որ այս խօսքերը կ՛արտացոլեն այն ապրումները, զորս ունին շատ հայեր եւ եւրոպացիներ, որոնք կը նմանին այն մարդոց կերպարին, որոնք կ՛օգնեն այն մարդոց, որոնք կը փախչին պատերազմէ` փորձելով փրկել սեփական կեանքը: Ասոնք են այն եւրոպական արժէքները, որոնք կը միաւորեն մեզ Իրլանտայի ժայռերէն մինչեւ Հայաստանի սարերը», եզրափակած է յօդուածը Օչոան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին