Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Արայիկ Յարութիւնեան Այցելած Է Լոս Անճելոսի Հայկական Վարժարաններ

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Նոյեմբեր 23ին այցելած է Լոս Անճելոսի մէջ գործող հայկական վարժարաններ, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցած է խումբ մը բարերարներու հետ, կը հաղորդէ «Արցախփրես»ը:

Արայիկ Յարութիւնեան եղած է Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարաններ, ծանօթացած է դպրոցներու պայմաններուն եւ պատմութեան: Վարչապետը ներկայ գտնուած է աշակերտներու կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներուն` բարձր գնահատելով վարժարաններու դերակատարութիւնը Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործին:

Վարչապետ Յարութիւնեան այնուհետեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան ափի առաջնորդարանին մէջ, կազմակերպուած ընդունելութեան ժամանակ հանդիպած է խումբ մը բարերարներու, որոնց ներկայացուցած է Արցախի զարգացման հեռանկարներն ու պայմանները: Ան ներկաներուն հետ քննարկած է համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, ձեռք բերած է յստակ պայմանաւորուածութիւններ:

Հանդիպումին վարչապետը յորդորած է բարերարներուն աշխոյժօրէն աջակցելու Նոյեմբեր 26ին նախատեսուած հեռուստամարաթոնին, որուն ժամանակ հաւաքուած գումարները «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցով պիտի ուղղուին Հայրենիքի զարգացման գործին:

 

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին