Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Ասմունքի Ամէնամեայ 8րդ Փառատօնը Նուիրուած Էր Յ. Թումանեանին եւ Աւ. Իսահակեանին

Աւարտեցաւ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի բարձր հովանիի ներքոյ իրականացող՝ ասմունքի ամէնամեայ մանկապատանեկան 8րդ մրցոյթ-փառատօնը: Անիկա նուիրուած էր ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհ. Թումանեանի ծննդեան 145 եւ հայ գրականութեան վարպետ Աւ. Իսահակեանի ծննդեան 140ամեակներուն:

Փառատօնի մասնակիցներու թիւը տարիէ-տարի աւելցած եւ այս տարի հասած էր 220 հազարի: Մրցոյթ-փառատօնի նպատակն է աւելի կարեւոր համարել մատաղ սերունդին ուշադրութիւնը դէպի հայ գրականութիւնը, բանաւոր խօսքն ու սէրը դէպի մշակոյթի բարդ ճիւղերէն մէկը` ասմունքը։ Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը:

Ասմունքի մրցոյթ-փառատօնին կը մասնակցէին ոչ միայն Հայաստանի, այլ Արցախի, Ջաւախքի ու Սփիւռքի բազմաթիւ դպրոցներու աշակերտներ` տարբեր տարիքային խումբերու մէջ: Այս տարուան մրցոյթ–փառատօնին ջաւախքցի մասնակից Ալվարդ Մատոյեան (Նինոծմինտայի երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոն) արժանացաւ խրախուսական պարգեւի: Ան մասնակցեցաւ նաեւ Նոյեմբեր 20ին Յ. Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ կայացած տօնական  համերգին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին