Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Հոգինիդ Սիրեմ, Մի՛ Այպանէք Մեզ

*ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ*

Գա­ցին, նո­րէն գա­ցին: Զի­րենք ճամ­բու դնող­նե­րը թաց աչ­քե­րով վե­րա­դար­ձան, իւ­րա­քան­չիւ­րին ուղեղին մէջ մր­ճա­հա­րող մի­եւ­նոյն հար­ցու­մը. «Մենք ալ եր­թա՞նք, ի՞նչ ընենք…»:

Այս քա­նի՞երորդ ըն­տա­նիքն է, որ երե­սը դէ­պի արեւ­մուտք կը դարձը­նէ: Գոր­ծա­տե­ղի­նին գրաւ­ուե­ցաւ, տու­ներ­նին քա­նի ան­գամ փամ­փուշտ մտաւ, ապա­կի­նե­րը ջարդ­ուե­ցան…: Ստիպ­ուած եկան Երե­ւան, տարիէ մը աւե­լի մնա­ցին ու ելան գա­ցին: Ո՛չ, չվե­րա­դար­ձան Հա­լէպ, ո՞ւր վե­րա­դառ­նան, ինչ­պէ՞ս վե­րա­դառ­նան, չէ՞ որ բո­լոր ազ­գա­կան, ըն­կեր, բա­րե­կամ­նե­րու հետ ող­ջա­գուր­ուե­ցան ու Հա­յաս­տան եկան:

Եկան, տուն վար­ձե­ցին, իրենց Հա­լէ­պի տան կէ­սին չափ, ամ­սա­կան 300 տո­լա­րի: Շա­տեր ըսին յար­մար է, իրենք հաշ­ուե­ցին, որ այդ գու­մա­րը ինն­սուն հա­զար սուր­ի­ա­կան կ՛ընէ, չէ՞ որ տո­լա­րը 300-էն գնեցին: Այս գու­մա­րով Հա­լէպ ըն­տա­նիք մը եր­կու ամիս կր­նայ ապ­րիլ, ան ալ շատ լաւ:

–    Մոռ­ցի՛ր, Հա­լէ­պին վրա­յէն գիծ քա­շէ, սուր­ի­ա­կա­նի հա­շուով եթէ պի­տի ծախ­սես, քի­թէդ բեր­նէդ կու գայ. մոռ­ցի՛ր:

–  Բայց ինչ­պէ՞ս մոռ­նալ, խնայ­ուած մի քա­նի հա­զա­րը ին­չի՞ կը բա­ւէ, եթէ…։

–  Ի՞նչ եթէ…։

–  Եթէ գործ չգտ­նես…։

–  Ի՞նչ կ՛ըսես, ես ան­գործ չեմ մնար, մի՛ վախ­նար, իմ մաս­նա­գի­տու­թեամբ…։

Մէկ տարի­էն աւե­լի գործ փնտ­ռեց, չգ­տաւ, ան­գործ մնաց, հե­տը բե­րած դրա­մը սկ­սաւ նօս­րա­նալ:

–  Եթէ այսպէս շարունակուի, քա­նի մը ամի­սէն կը սնան­կա­նանք: Ի՞նչ ընենք:

–  Ի՞նչ կ՛ընեն ձեր կա­ցու­թեան մէջ եղող­նե­րը:

–  Դի­մե­ցէ՛ք Գա­նա­տա:

–  Գա­նա­տա՞…, ի՞նչ գործ ու­նինք Գա­նա­տա:

–  Հա­լէպ չէք կր­նար վե­րա­դառ­նալ, դեռ նոյն ան­տա­նե­լի վի­ճակն է:

– Գա­նա­տա գա­ցող­նե­րը գոհ են:

–  Հա­պա մեր տու­նը՞, խա­նու­թը՞…։

–  Մոռ­ցէք, այս պա­տե­րազ­մը դեռ շատ եր­կար կը տե­ւէ, գա­ցէք փրկ­ուե­ցէք:

Դի­մե­ցին, գա­ցին: Հի­մա ետեւ­նէն պի­տի չխօ­սի՞ն՝ «Հա­յաս­տա­նը տա­րան­ցիկ, կան­գա­ռի եր­կի՞ր է, կու գաք, որ այս­տե­ղէն ալ ու­րիշ տե՞ղ եր­թաք, ո՞ւր է ձեր հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնը…»:

Այս մէկ տա­րին քիչ չէր քա­շած­նին, վրան ալ պա­խա­րա­կում` «Ո՞ւր է ձեր հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնը»…: Ասի­կա պարզ խօսք չէ, ասի­կա դա­նա­կի հար­ուած է մեր սր­տին… մենք, որ մեր հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ միշտ հպար­տա­ցած ենք, ըն­տա­նի­քով, բո­լորս դպ­րո­ցա­կան, միու­թե­նա­կան, եկե­ղե­ցա­կան ձեռնարկներու մէջ եղած ենք ու Հա­յաս­տա­նով հպար­տա­ցած, Հա­յաս­տան գա­լով եր­ջան­կա­ցած, որ վերջա­պէս մեր երա­զը իրա­կա­նա­ցաւ…։ Հի­մա մե­զի հայ­րե­նալ­քու­թեամբ մի՛ ամ­բաս­տա­նէք ու դատապար­տէք, հասկ­ցէք մեզ, մեր վի­ճա­կը…: Ի՞նչ կր­նա­յինք ընել, քիչ մըն ալ դի­մա­նա­յինք, պի­տի սկսէ­ինք ասոր անոր ձեռք բա­նալ»…:

Կ՛եր­թան, բայց մէկ աչ­քով կը խն­դան ու մէկ աչ­քով կու լան:

Հոն ի՞նչ կեանք կը սպա­սէ իրենց… անո­րո­շու­թիւն. «Չէ՜, ինչ ալ ըլ­լայ, պա­տե­րազ­մը վեր­ջա­նա­լէն ետք ետ կու գանք Հա­լէպ. Հա­լէ­պին աչ­քը սի­րեմ»:

Սի­րէ՛, ին­չը կ՛ու­զես սի­րէ, բայց գիտ­ցիր, որ ովկ­ի­ա­նո­սը անց­նո­ղը, դժ­ուար թէ վե­րա­դառ­նայ:

Աստ­ուած իմ, այս ինչ օրե­րու ձգե­ցին մեզ:

Հո­գի­նիդ սի­րեմ, մի՛ այ­պա­նէք մեզ:

kantsasar.com

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին