Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Հայաստանը Պիտի Արդիականացնէ Իր Ս-125 Զենիթահրթիռային Համակարգերը

Ռուսական «Զէնքի համաշխարհային առեւտուրի վերլուծութեան կեդրոն»-ի նոր հրապարակած զեկոյցը կը յայտնէ, որ Հայաստանը 2015-16 թթ. Ռուսաստանի օգնութեամբ պիտի արդիականացնէ զենիթահրթիռային իր Ս-125 համալիրները մինչեւ Ս-125 «Բեչորա-2մ» մակարդակի։ Այս մասին կը յայտնէ Razm.Info-ն:

Այս գծով կողմերը համապատասխան համաձայնութեան եկած են 2013 թուականին: Արդիականացման համար, ըստ վերլուծական կեդրոնի գնահատականին, Հայաստանը պիտի վճարէ 60 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Ս-125-ի համեմատ Ս-125 «Բեչորա-2մ»ն ունի էապէս աւելի բարձր մարտավարա-ճարտարագիտական յատկանիշներ: Բարելաւուած են բոլոր կարեւորագոյն յատկանիշերը՝ հեռահարութիւնը, առաւելագոյն բարձրութիւնը, թիրախի խոցման հաւանականութիւնը, խանգարումներէն պաշտպանուածութեան աստիճանը եւ այլն:

Արդիականացուած տարբերակը ունակ է օդային թիրախներ խոցել մինչեւ 27 քմ հեռաւորութեան վրայ, ի դէպ անիկա աւելի դիպուկ կը խոցէ ցած բարձրութեան վրայ թռչող սարքերը:

Ս-125 «Բեչորա-2մ»ը կրնայ ունենալ ինչպէս շարժական, այնպէս ալ ինքնագնաց տարբերակներ, անիկա 2 անգամ աւելի շատ արձակման կայան ունի (Ս-125-ի 4-ի փոխարէն 8 հատ): Համալիրը օժտուած է ռատիոճարտարագիտական պաշտպանութեան համակարգով:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին