*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրով երկու օր առաջ Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, աւելի քան 50 մտաւորականներու ներկայութեամբ, լուսարձակի տակ առնելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 27 Ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ յարուցած՝ Սիսի Կաթողիկոսարանի կալուածի վերադարձի դատը:
Վեհափառ Հայրապետը դատին վերաբերող շատ մը լուսաբանումներու շարքին՝ ներկաներուն պարզեց դատին ամբողջական ու հսկայածաւալ թղթածրարը բոլոր մանրամասնութիւններով, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւներուն մէջ գտնուող զանազան կալուածներու փաստաթուղթերը: Այստեղ Վեհափառը միայն մեծի վայել առարկայնութեամբ խոստովանեցաւ, որ Կաթողիկոսութեան արխիւներուն մէջ գտնուող զանազան կալուածներու փաստաթուղթերը ամբողջական չեն՝ նկատի ունենալով այն դժբախտ իրողութիւնը, որ դար մը առաջ ցեղասպան թուրքը միայն 48 ժամ տուած էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հեռանալու Սիսէն: Այդ թոհուբոհին մէջ եւ հասկնալի պատճառներով, միաբանները իրենց համեստ պայմաններով ու այնքան նեղ պայմանաժամով, փորձած էին փրկել այն՝ ինչ որ կրնային, անշուշտ չկարենալով փրկել շատ մը փաստաթուղթեր…:
Հակառակ այն ուրախալի տեղեկութեան, որուն միջոցաւ Վեհափառը վստահեցուց, թէ բարեբախտաբար պատմական նման հաստատութեան մը պարագային՝ ինչպիսին է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի կալուածը, թուղթէ փաստաթուղթերու գոյութիւնը միակը չեն, որ կրնան հաստատել անոր սեփականութիւնը, այլ կայ անոր հետ կապուած դարերու պատմութիւն մը, որ որպէս վկայ կրնայ ծառայել անոր սեփականութեան հաստատումին։ Սակայն հոն ներկաներուն մէջ նստած պահուս, միտք մը ծագեցաւ մօտս, որ սկսաւ լրջօրէն տագնապեցնել զիս:
Եթէ դար մը առաջ անակնկալօրէն 48 ժամեայ ժամկէտ մը դժբախտաբար արդարցիօրէն կարճ էր՝ ապահով վայրեր փոխադրելու ամէն փաստաթուղթ, մեր օրերուն եւ մեր աշխարհատարածքին մէջ պատահած դէպքերուն ի տես, որոնք մեզ արդէն իսկ պարգեւած են այսպէս կոչուած աւելի քան չորս տարիներու «շնորհուած ժամանակամիջոց» մը, արդեօք ապահով տեղեր փոխադրա՞ծ ենք, Սուրիոյ կամ Իրաքի եւ ինչու չէ Լիբանանի ազգային մեր կալուածներուն սեփականութեան ու այլ փաստաթուղթերը կամ մշակութային արժէքները: Արդի արհեստավարժութենէ օգտուելով, գոնէ ամբողջովին թուայնացուցա՞ծ ենք անոնք, թէ պիտի սպասենք 48 ժամուայ նման ժամկէտ մը, որ այս անգամ կրնայ տրուիլ կամ չտրուիլ՝ եթէ դէպքերը տրամաթիք անկում սկսին արձանագրել:
Լրջօրէն խորհա՞ծ ենք ասոր մասին եւ գործնականացուցա՞ծ, թէ պէտք է աղօթենք, որ նման չար բան չպատահի…:
Փափաքս է, որ տագնապանքս ի դերեւ ելլէ: