Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Ռուսական Պետդումայի Մէջ Օրինագիծ Ներկայացուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Համար Թուրքիան Պատասխանատուութեան Կանչելու

Պետդումայի մէջ օրէնքի նախագիծ ներկայացուած է, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար՝ զայն պատասխանատուութեան կանչելու: Այդ մասին Tweeter-ի իր էջին մէջ գրած է «Արդար Ռուսաստան»ի առաջնորդ Սերկէյ Միրոնով:

«Քիչ առաջ մենք օրէնքի նախագիծ ներկայացուցինք՝ Թուրքիոյ կողմէ 1915ին իրականացած Ցեղասպանութեան ժխտման համար պատասխանատուութեան կանչելու մասին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, կը տեղեկացնէ News.am-ը:

Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան իր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինը քննադատած էր՝ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արտայայտուելու համար: Ինչպէս կը նշուի, Երեւան իր այցելութեան ընթացքին՝ Փութին յարգած էր 20րդ դարասկիզբի զոհուածներուն յիշատակը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս դատապարտած էր Փութինը, որ 100 տարիներ առաջ տեղի ունեցածը Ցեղասպանութիւն կոչած էր:

 

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին