Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

«Հայերը Պէտք Է Ազատագրեն Իրենց Արեւմտեան Տարածքները». Ժիրինովսքի

«Ռուսիա 1» պատկերասփիւռի կայանի «Երեկոն Վլատիմիր Սոլովեւի հետ» հեռուստաբանավէճի ծիրին մէջ, Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի յայտարարած է, որ հայերուն պէտք է արտօնել ազատագրել իրենց արեւմտեան տարածքները, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը:

«Հայերը ատիկա կ՛ընէին 1918 թուականին, եթէ Մոսկուան օգնէր, սակայն ան անցած էր Թուրքիոյ կողմը։ Եթէ մենք հայերուն թոյլ տանք ազատել իրենց արեւմտեան տարածքները, անոնք ուրախութեամբ կ՛ազատագրեն», ըսած է ան:

Վլատիմիր Ժիրինովսքի խօսած է նաեւ քիւրտերուն օգնելու մասին: «Քիւրտերը կը սպասեն մեր օգնութեան, եթէ մենք քիւրտերուն ըսենք, որ կը ճանչնանք իրենց անկախութիւնը: Անոնց թիւը ինչպէս յայտնի է, կը հասնի 20 միլիոնի, իսկ յստակ է, որ մայրաքաղաքը Տիարպեքիրն է: Այսպիսով  Արեւելեան Անատոլիան պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ ինչպէս է հիմա: Իբրեւ արդիւնք՝ մենք պիտի ունենանք անկախ Քիւրտիստան եւ Մեծ Հայաստան», յայտնած է Վլատիմիր Ժիրինովսքի։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին