*ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ*
Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ հետազօտողներէն կազմուած Գոլոմպիայի համալսարանի խումբը անցեալ շաբաթ հաստատեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը «Իսլամական պետութեան» (ԻՊ, Տաէշ) տրամադրած է ռազմական գործակցութիւն, զէնք, կազմակերպչական աջակցութիւն, նիւթական օգնութիւն եւ բժշկական ծառայութիւններ: Այս մանրակրկիտ հետաքննութիւնը գլխաւորած է Գոլոմպիա համալսարանի Մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութեան հիմնարկի Խաղաղութեան ամրապնդման եւ իրաւունքներու ծրագիրի տնօրէն Տէյվիտ Ֆիլիփսը: Ան աշխատած էր իբրեւ աւագ խորհրդական եւ արտաքին գործերու գծով փորձագէտ ԱՄՆ պետական բաժանմունքի համար:
Ահա հատուածներ այդ ծաւալուն հետազօտութենէն, որոնք կը փաստեն Թուրքիոյ եւ ԻՊ-ի միջեւ եղած ուղղակի կապերը.
1) Թուրքիան ԻՊ-ին մատակարարած է զինամթերք
2014 թ. Օգոստոս 12-ին ԻՊ-ի հրամանատարներէն մէկը «Ուաշինկթըն փոսթ» թերթին ըսաւ. «Զինեալներու մեծ մասը, որ մեզ միացած էր պատերազմի սկիզբը, եկած էր Թուրքիոյ տարածքով, այդ նոյն ճանապարհով կու գային նաեւ սարքերն ու զինամթերքը»:
Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան (CHP) առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն, 2014 թ. Հոկտեմբեր 14-ին Ատանայի դատախազութենէն յայտնաբերեց փաստաթուղթեր, որոնք կը բացայայտէին, որ Թուրքիան զէնք մատակարարած է ահաբեկչական խումբերուն: Ան նաեւ ներկայացուց հարցազրոյցներու արձանագրութիւնները բեռնատարերու վարորդներու հետ, որոնք զէնք հասցուցած էին ահաբեկիչներուն:
Ըստ CHP-ի փոխնախագահ Պիւլենթ Թեզճանի` 2014 թ. Յունուար 19-ին թուրք գործակալները հրթիռներով, զէնք ու զինամթերքով բեռնուած երեք բեռնատար հասցուցած էին ԻՊ-ին Սուրիոյ մէջ:
Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը մէջբերած է Ֆուաթ Աւնիին յայտարարութիւնը, որ կ՛ըսէ, թէ Գերմանիան եւ Միացեալ Նահանգները ձայնագրութիւններ ունէին, որոնք կը հաստատէին, որ Թուրքիան նիւթական եւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերած է Ալ Քաիտայի հետ կապուած ահաբեկչական խումբերուն 2014 թ. Հոկտեմբեր 12-ին:
2014 թ. Սեպտեմբեր 27-ին հրապարակուած փաստաթուղթերէն պարզուեցաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Պանտար պըն Սուլթանը նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է՝ ԻՊ-ի համար զէնքի տեղափոխման Թուրքիոյ տարածքով:
2) Թուրքիան նիւթական եւ ճարտարագիտական աջակցութիւն ցուցաբերած է ԻՊ-ի զինեալներուն
Ըստ «Ռատիգալ» թերթի 2014 թ. Յունիս 13-ի յօդուածին` Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամար Կիւլեր հրապարակած է հետեւեալ հրահանգը. «Հաթայը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող վայր է մուճահետներու համար, որոնք հատելով մեր սահմանը կ՛անցնին Սուրիա: Կ’աւելացուի նիւթական եւ ճարտարագիտական աջակցութիւնը իսլամական խմբաւորումներուն, իսկ անոնց մարզումը, հիւանդանոցային խնամքը ու անվտանգ անցումը յատկապէս տեղի կ’ունենայ Հաթայի մէջ»:
«Տէյլի մէյլ»-ը 2014 թ. Օգոստոս 25-ին հաղորդած է, որ բազմաթիւ օտարերկրեայ զինեալներ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ միացած էին ԻՊ-ին՝ անցնելով Թուրքիոյ տարածքով:
Բրիտանական «Սքայ նիւզ»-ը ձեռք բերաւ փաստաթուղթեր, ըստ որոնց Թուրքիոյ կառավարութիւնը կնքած է օտարերկրեայ զինեալներու անձնագրերը, որոնք կը փափաքէին թրքական սահմանով անցնիլ Սուրիա` միանալու ԻՊ-ին:
2014 թ. Հոկտեմբեր 9-ին Եգիպտոսի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը նշած է, որ Թուրքիոյ հետախուզութիւնը ԻՊ-ին փոխանցած է արբանեակային պատկերներ եւ այլ տուեալներ:
3) Թուրքիան կը մարզէ ԻՊ-ի զինեալները
2014 թ. Յուլիս 29-ին CNN Turk-ը հաղորդեց, որ Սթամպուլի սիրտին մէջ գտնուող Տուզչէ եւ Ատապազարի բնակավայրերը դարձած են հաւաքատեղի ահաբեկիչներու համար:
ԻՊ-ի մասնաճիւղին միացած թուրքերուն ցուցադրեցին 2014 թ. Յուլիս 28-ին՝ Սթամպուլի մէջ կայացած հանրահաւաքին:
Տեսահոլովակներէն մէկուն մէջ ցուցադրած էին ԻՊ-ի մասնաճիւղի իրականացուցած աղօթք-հաւաքը՝ Սթամպուլի Օմեռլի թաղամասին մէջ:
Ըստ Յորդանանի հետախուզութեան` Թուրքիան կը մարզէ ԻՊ-ի զինեալները յատուկ գործողութիւններու համար:
4) Թուրքիան բժշկական օգնութիւն կը ցուցաբերէ ԻՊ-ի զինեալներուն
2014 թ. Օգոստոս 12-ին ԻՊ-ի հրամանատարներէն մէկը յայտնեց «Ուաշինկթըն փոսթ»-ին. «Սովորաբար որոշ զինեալներ, նոյնիսկ «իսլամական պետութեան» ամենաբարձրաստիճան անդամները, բուժում կը ստանան Թուրքիոյ հիւանդանոցներուն մէջ»:
2014 թ. Հոկտեմբեր 12-ին «Թարաֆ» թերթը հաղորդեց, որ նախագահ Էրտողանի իշխող կուսակցութեան («Արդարութիւն եւ զարգացում») հիմնադիր Տենկիր Միր Մեհմետ Ֆիրաթը հրապարակեց, որ Թուրքիան աջակցած է ահաբեկչական խումբերուն եւ կը շարունակէ աջակցիլ ու բուժել զանոնք իր հիւանդանոցներուն մէջ:
5) Թուրքիան նիւթապէս աջակցած է ԻՊ-ին քարիւղ գնելու միջոցով
2014 թ. Սեպտեմբեր 13-ին «Նիւ Եորք թայմզ» թերթը հաղորդեց, որ Օպամայի վարչակարգը ջանքեր թափած է ճնշում գործադրելու Թուրքիոյ վրայ` վերացնելու ԻՊ-ի կողմէ քարիւղի վաճառքի լայնածաւալ ցանցը:
2014 թ. Սեպտեմբեր 13-ին Ֆեհիմ Թաշթեքին «Ռատիքալ»-ի մէջ գրեց Սուրիայէն Թուրքիա քարիւղ տեղափոխող ապօրինի խողովակաշարերու մասին:
6) Թուրքիան կ՝օգնէ ԻՊ-ի զինուորագրման
2014 թ. Հոկտեմբեր 14-ին Քըլըչտարօղլուն յայտարարեց, որ Սթամպուլի եւ Կազիանթեփի մէջ ԻՊ-ի գրասենեակները կը հաւաքագրեն զինեալներ: 2014 թ. Հոկտեմբեր 10-ին Քոնիայի մուֆթին յայտարարեց, որ չորս օր առաջ իր քաղաքէն 100 տղամարդ միացած է ԻՊ-ին:
OdaTV-ն հաղորդեց, որ «Թաքուա հապեր»-ը կը ծառայէ իբրեւ քարոզչական միջոց ԻՊ-ի համար` Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ թրքախօս տղամարդոց հաւաքագրելու:
Թուրքիոյ սփորթի նախարար, «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան անդամ Սուաթ Քըլըչ, Գերմանիոյ մէջ այցելեց սալաֆի ճիհատականներուն, որոնք կ՝աջակցին ԻՊ-ին: Այս ճիհատականները կողմնակիցներ կը հաւաքագրեն Ղուրանի անվճար օրինակներ բաժնելով եւ դրամահաւաք կազմակերպելով` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ անձնասպանութեամբ ահաբեկչութիւններ հովանաւորելու:
OdaTV-ի հեռարձակած տեսանիւթին մէջ ցուցադրած են՝ Սթամպուլի մէջ հանրակառքով երթեւեկող ԻՊ-ի զինեալները:
7) Թրքական ուժերը կը կռուին ԻՊ-ի կողքին
Ամերիկեան հետաքննող լրագրող Սէյմուր Հերշ London Review of Books-ին մէջ հաստատեց` «Յայտնի էր, որ վարչապետ Ռեճեպ Էրտողան կ՛աջակցէր «Ալ-Նուսրա ճակատին»` ապստամբ ընդդմադիրներու մէջ ճիհատական խմբակցութեան, ինչպէս նաեւ այլ իսլամական ապստամբ խումբերու»:
2014 թ. Սեպտեմբերի 20-ին, խորհրդարանի մէջ «Ազգերու ժողովրդավարական» կուսակցութիւնը (HDP) ներկայացնող պատգամաւոր Տէմիր Չելիքը յայտարարեց, որ թրքական յատուկ ուժերը ռազմի դաշտի մէջ միացած էին ԻՊ-ին:
8) Թուրքիան օգնած է ԻՊ-ին Քոպանիի համար մղուող մարտի ժամանակ
2014 թ. Սեպտեմբեր 19-ին Քոպանիի քաղաքապետ Անուար Մուսլիմ բացայայտեց, որ թրքական զէնք ու զինամթերքով բեռնուած շոգեկառքեր հասցուած են ԻՊ-ին: 2014 թ. Սեպտեմբեր 30-ին CHP-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Քոպանի, ուր տեղացիները յայտարարեցին, որ ամէն ինչ, սկսեալ ԻՊ-ի մարտիկներու հագուստէն մինչեւ զէնքերը կու գան Թուրքիայէն:
2014 թ. Սեպտեմբեր 25-ին «Նուհապեր»-ի տեսահոլովակը ցուցադրեց հրասայլեր եւ զինամթերք փոխադրող թրքական զինուորական ուղեկցորդներ` ԻՊ-ի դրօշի ներքոյ Սուրիոյ Ճարապլուս շրջանին մէջ ազատ տեղաշարժելու ժամանակ եւ Գարգամիշի սահմանը անցնելու ընթացքին:
PYD-ի («Սուիրիոյ քիւրտերու ժողովրդավարական միութիւն») քիւրտ զինեալներու առաջնորդ Սալիհ Մուսլիմ հաղորդեց, որ 2014 թ. Հոկտեմբեր 20-24ին 120 զինեալներ Թուրքիայէն անցած էին Սուրիա:
Ըստ «Նիւ Եորք թայմզ» թերթի 2014 թ. Հոկտեմբեր 29-ի համարին մէջ YPG-ի («Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատ») քիւրտ հրամանատարի գրած սիւնակին` Թուրքիան պարբերաբար կ՝արտօնէ ԻՊ-ի զինեալներուն իրենց սարքերով անցնիլ իր սահմանը:
2014 թ. Հոկտեմբեր 1-ին Տիքենը հաղորդեց. «ԻՊ-ի զինեալները հատելով Թուրքիոյ սահմանը անցած էին Սուրիա թուրք զինուորներու գիտութեամբ եւ համաձայնութեամբ»:
9) Թուրքիան եւ ԻՊ-ը նոյն աշխարհայեացքը ունին
2014 թ. Հոկտեմբեր 3-ին RT-ն հաղորդեց ԱՄՆի փոխնախագահ Ճօ Պայտընի ելոյթի մասին, ուր կը ներկայացուէին ԻՊ-ին ցուցաբերուող թրքական աջակցութեան մանրամասները:
«Հիւրիյեթ»-ը 2014 թ. Սեպտեմբեր 26-ին մէջբերեց թուրք քաղծառայողի խօսքերը. «Ես ցնցուած էի` լսելով բարձրաստիճան ծառայողներու հիացական խօսքերը ԻՊ-ի հասցէին»:
«Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խորհուրդի անդամ մը Facebook-ի իր էջին վրայ գրած էր. «Բարեբախտաբար ԻՊ-ը գոյութիւն ունի… թող անսպառ ըլլան ձեր փամփուշտները…»:
Համաձայն Սարիեր Կէօզլեմի` Էրտողանի որդի Պիլալ եւ թուրք պաշտօնեաներ հանդիպած են ԻՊ-ի զինեալներու հետ:
Բացարձակապէս անընդունելի է, որ այն ժամանակ, երբ ԻՊ-ը զանգուածային սպանութիւններ կ՝իրականացնէ Փարիզի եւ Եւրոպայի այլ քաղաքներու մէջ, ՆԱԹՕ-ի «դաշնակից» Թուրքիան կը շարունակէ օգնել ու զինել այդ ահաբեկիչները: Ժամանակն է, որ Թուրքիան վտարեն ՆԱԹՕ-էն, իսկ անոր ղեկավարները մեղադրուին ու դատուին այս սարսափելի ոճրագործութիւններուն մէջ իրենց ունեցած դերակատարութեան համար:
www.TheCaliforniaCourier.com
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ–ը