Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

ԱԱԾն «Զինուած Յանցախումբ» Մը Բացայայտած Է Երեւանի Մէջ

Երեւանի մէջ բացայայտուած է կազմակերպուած եւ զինուած յանցախումբ [խմբաւորում – խմբ.] մը, որ նպատակ կը հետապնդէ Հայաստանի տարածքին կազմակերպել շարք մը ծանր յանցագործութիւններ, կը հաղորդէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ):

Ինչպէս կը հաղորդեն ԱԱԾ մամուլի ծառայութենէն, 2015 թուականին ՀՀ քաղաքացի, Երեւանի նախկին բնակիչ, արտասահման բնակող Արթուր Վարդանեանը ժամանելով Հայաստան, ստեղծած եւ ղեկավարած է յանցաւոր համագործակցութիւն: Նախնական համաձայնութեամբ, կազմակերպուած խումբին կողմէ ապօրինաբար ձեռք բերուած է մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմամթերք, որ թաքցուցած են Երեւանի Նորք թաղամասի` այդ նպատակով վարձակալած առանձնատան մէջ:

«Նոյեմբեր 25-ին ոստիկանութեան հետ համատեղ խուզարկութիւններու ընթացքին, յայտնաբերուած են տարբեր տեսակի ինքնաձիգեր, ատրճանակներ, նռնականետեր (որոնց մէջ «Մուխա» տեսակի), նռնակներ, պայթուցիկ նիւթեր եւ պայթուցիկ սարքեր, կապի միջոցներ, փամփուշտներ, փամփշտակալներ, ռազմական հանդերձանք` որոնց մէջ զրահաբաճկոններ: Խուզարկութեան պահուն առանձնատան մէջ, Արթուր Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, հաւաքուած եղած են յանցաւոր խմբակցութեան 9 անդամները, որոնք ձերբակալուած են:

ՀՀ ԱԱԾ քննչական վարչութեան կողմէ յարուցուած է քրէական գործ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 223-րդ յօդուածի 1-ի [Յանցաւոր համագործակցութիւն ստեղծել կամ յանցաւոր համագործակցութիւն ղեկավարել] եւ 2-րդ [Յանցաւոր համագործակցութեան մասնակցիլ] բաժիններով եւ 235–րդ յօդուածի 3-րդ [Ապօրինի կերպով հրազէն, բացի ողորկափող հրազէնէ եւ անոր փամփուշտներէն, ռազմամթերք, ակօսափող հրազէնի փամփուշտներ, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերել, իրացնել, պահել, փոխադրել կամ կրել, որ կատարուած է կազմակերպուած խումբի կողմէ] բաժինով, կը կատարուի նախաքննութիւն», ըսուած է ԱԱԾ հաղորդագրութեան մէջ:

Երէկ  Shamshyan.com կայքը հաղորդած էր, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ նոյն ծառայութեան հակաահաբեկչական (Ալֆա) վարչութեան եւ Ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան աշխատակիցները, իրացնելով ստացուած տեղեկութիւնները, Երեւանի մէջ կանխած են լուրջ եւ մեծ յանցագործութիւն մը:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին