Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

«Qatar Airways»-ը Մուտք Կը Գործէ Հայկական Շուկայ

«Քաթարի օդուղիներ»-­ը (Qatar Airways) 2016 թուականին կանոնաւոր չուերթներ պիտի իրականացնէ Երեւան-Տոհա ուղղութեամբ: «Արմենիա» միջազգային օդակայաններ» ընկերութիւնը յաջողութեամբ աւարտած է բանակցութիւնները «Քաթարի օդուղիներ»-ուն հետ:

Ինչպէս «Արմենփրես»-­ը կը տեղեկացնէ՝ վկայակոչելով «Արմենիա» միջազգային օդակայաններ» ՓԲԸ-ն, վերջին շրջանին բանակցութիւնները նոր թափ ստացան, երբ «Իթիհատ» ընկերութիւնը յայտարարեց Հայաստանի ուղղութեամբ չուերթները դադրեցնելու մտադրութեան մասին:

««Արմենիա» միջազգային օդակայաններ» ՓԲԸ-­ն հպարտ է, որ «Քաթարի օդուղիներ»-­ը, որ երեք տարի անընդմէջ ճանչցուած է «Տարուայ լաւագոյն օդանաւային ընկերութիւն», ընտրած է Հայաստանը որպէս իր նոր ուղղութիւններէն մէկը:

«Քաթարի օդուղիներ»-­ը Միջին Արեւելքի ամենամեծ օդանաւային ընկերութիւններէն մէկն է, ունի մեծ ցանց եւ թռիչքներ կ՛իրականացնէ աւելի քան 140 ուղղութիւններով: «Քաթարի օդուղիներ»-ու շարժակազմը համալրուած է աւելի քան 340 ժամանակակից օդանաւերով, որոնց մէջ Airbus A350, Airbus A380­800, Boeing 777­200, Boeing 777­300, Boeing 787­8 (Dreamliner) եւ այլն: Տոհայի օդակայանը յարմարաւէտ տարանցիկ կէտ կրնայ դառնալ Հայաստանէն ԱՄՆ, Մերձաւոր եւ Հեռաւոր Արեւելք մեկնողներուն համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին