Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

«Ղարաբաղցին» Երգի Հիման Վրայ Նոր Տեսահոլովակ Նկարահանուած Է

«Արցախի ձայներ» համոյթի երաժշտական խումբի կատարմամբ, «Ղարաբաղցին» երգի հիման վրայ նոր տեսահոլովակ նկարահանուած է:

Այս մասին ըստ «Արցախփրես»-ի ըսած է «Արցախի ձայներ» նախագիծի արտադրող Լիրա Քոչարեան։ Տեսահոլովակի նկարահանումերը կատարուած են Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ` «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով:

«Մեր հասարակութեան մեծ մասին այս երգը արդէն ծանօթ էր: Իմ մտայղացմամբ փորձեցի նոր ձեւով ու նոր ոճով ներկայացնել երգը, որպէսզի յատկապէս երիտասարդութեան համար ան աւելի սիրելի ու սրտամօտ ըլլայ,- ըսած է Լ. Քոչարեան եւ աւելցուցած,- ի դէպ վերջերս «Արցախեան օրերը Մոսկուայում» ծրագիրի շրջանակներուն մէջ, կայացաւ տեսահոլովակի առաջին ցուցադրութիւնը` արժանանալով ներկաներու մեծ արձագանգին եւ ընդունելութեան»:

«Ղարաբաղցին» տեսահոլովակի բեմադրիչներն են Արսէն Բայադեան եւ Արտեոմ Աբովեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին