Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Հռոմի Մէջ Տեղի Ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Բազմահատոր Գիրքի Շնորհանդէս

Սուրբ Աթոռի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, Նոյեմբեր 21-­ին Հռոմի Սանթա Մարիա Մաժորիթի եկեղեցւոյ  Քահանայապետական արեւելագիտութեան Ուսումնարանին մէջ՝ տեղի ունեցած է  ուսումնարանի փրոֆեսոր հայր Ժորժ Անրի Ռոյսենի բացառիկ եօթհատորեակին շնորհանդէսը: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն։

Ձեռնարկին մասնակցած են Քահանայապետական արեւելագիտութեան ուսումնարանի տնօրէն Դաւիդ Նազարը, Սէնթ Էճիտիօ համայնքի հիմնադիր Անտրէա Ռիգարտին եւ Սէնթ Էճիտիօ համայնքի նախագահ Մարքօ Իմբալիացցոն, Հայ առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր այրեր, հասարակական­ քաղաքական հատուածի ներկայացուցիչներ, իտալահայ համայնքի անդամներ:

Գիրքին մէջ կը ներկայացուին Վատիկանի փակ արխիւներուն մէջ գտնուող ու Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բոլոր փաստաթուղթերը` համիտեան ջարդերէն մինչեւ յետցեղասպանական` քեմալական կառավարման շրջանի տարիներ, որ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռէ ամբողջական պատկերացում կազմելու ոճրագործութեան բոլոր փուլերու մասին` Ցեղասպանութեան նախապատրաստումէն մինչեւ իրականացում:

Ձեռնարկին ելոյթով հանդէս եկած է Սուրբ Աթոռի մէջ ՀՀ դեսպան Միքայէլ Մինասեան, որ իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար նշած է, թէ եօթհատորեակը ցեղասպանագիտութեան ոլորտին մէջ լրջագոյն ձեռքբերում է եւ պատմութիւն, որ նաեւ թուրքերունն է: «Հայր Ռոյսենի աշխատանքը մեզի կ՛օգնէ յարաբերիլ փաստերու հետ: Անիկա մեզի կ՛օգնէ ընթերցել անցեալը` դասեր քաղելով ապագայի համար», ըսած է դեսպանը, եւ Հայր Ժորժ Անրի Ռոյսենին յանձնած է ՀՀ նախագահին կողմէ շնորհուած Պատուոյ շքանշանը` հայագիտութեան զարգացման եւ հոգեւոր արժէքներու տարածման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին