Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

«Զարթօնք»ի Պատուարժան Խմբագրութիւն

*ՃԷՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*
Երեւան

 Նոյեմբեր 21-ի Պէյրութ-Երեւան թռիչքը, զիս Հայրենիք տեղափոխելու բերկրանքէն բացի, այլ հաճելի պահ մը պարգեւեց…։

Կան ծանօթներ, որոնց հետ յաճախակի հանդիպիլը հաճելի եւ օգտաւէտ կ՛ըլլայ, իսկ պատահական անակնկալ հանդիպումը՝ ուղղակի անմոռանալի…։

Թռիչքի ընթացքին ակնարկած պատահական հանդիպումս մարդու կամ կնոջ մը հետ չէր, այլ իմ վաղեմի հարազատ բարեկամ՝ «Զարթօնք» օրաթերթին հետ:

Անբացատրելի եղաւ ուրախութիւնս, երբ յիշեալ թռիչքի ուղեկցորդուհիին ինծի առաջարկած թերթի կողովին մէջ՝ իմ թերթս նկատեցի, մանաւանդ երբ ան աւետիս մը հաղորդելու ուրախութեամբ հարցումիս պատասխանեց շեշտելով, թէ «արդէն ժամանակէ մը ի վեր, մեր ընկերութեան բոլոր թռիչքներուն առաջարկած թերթերուն տեսականիին անբաժանելի մասն է՝ «Զարթօնք» օրաթերթի տուեալ օրուայ համարը»:

Ուրախութիւնս կրկնակի եղաւ երբ անդրադարձայ, որ մէկ օրէն միւսը՝ «Զարթօնք»ի էջերուն տեսքն ալ ենթարկուած էր հիմնական փոփոխութեան՝ արդիականացած էր անոր էջադրումը: Մինչ այնքան նեղ տարածութեան մը մէջ այսքան ճոխ ու այլազան բովանդակութիւն տեղադրելը՝ աւելի քան հնարամտութիւն թուեցաւ ինծի: Իսկ անոր այսքան կարճ ժամանակի մէջ վերելքը՝ յեղափոխութիւն…:

Անկասկած նման ուրախութեամբ համեմուած հպարտութեանս ճարտարապետին՝ «Զարթօնք»ի խմբագիրին ու անոր կողքին կեցող մեր թերթին պատասխանատուներուն գրաւոր շնորհակալութիւն յայտնելու պարտաւորութեամբ է, որ կը շարադրեմ այս տողերը…։

Վարձքերնիդ կատար սիրելի ընկերներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին