Արժանթինի մէջ Նոյեմբեր 22-ին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն յաղթած Մաուրիսիօ Մագրին, երկար ժամանակէ կ՝աջակցի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման՝ ոչ միայն Արժանթինի մէջ, այլեւ ամբողջ աշխարհի:
Վկայակոչելով Prensa Armenia պարբերականի տեղեկութիւնները` Artsakhpress.am կը հաղորդէ, թէ Պուէնոս Այրեսի կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին վրայ եղած տարիներուն, Մագրին արգիլած էր քաղաքին մէջ տեղադրել Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կիսանդրին, որմէ ետք Էրտողանը չեղեալ յայտարարեց իր պաշտօնական այցը Արժանթին:
2012թ. Երեւան կատարած այցի ժամանակ՝ Մաուրիսիօ Մագրին այցելած էր Հայոց Ցեղասպանութեանյուշահամալիրի թանգարան: 2015թ. Ապրիլին Մագրին իր Facebook-ի էջին վրայ կատարած արձանագրութեամբ՝ յարգած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելից. ես չեմ մոռնար ձեզ», գրած է ան։
Նշենք, որ Մագրին հաւաքած է ձայներու 53.2%-ը, իսկ իշխող «Յաղթանակի ճակատ» դաշինքի թեկնածու Տանիէլ Սցիոլին 46.7%-ը: