Հովանաւորութեամբ «Սոտեթէլ»ին եւ կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, Ուրբաթ, 24 Նոյեմբեր 2015ի երեկոյեան ժամը 6:30ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցան՝ լիբանանահայ վարժարաններու արաբերէնի բարձրագոյն նիշեր ապահոված աշակերտներու պարգեւատրումն ու «Պայան» շարադրութեան մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, «Սոտեթէլ»ի ընդհանուր տնօրէն Փաթրիք Ֆարաճեանին, օրուան պատւոյ հիւր՝ հաղորդավար Զաւէն Գույումճեանի, «Կոկիկեան» հիմնարկի տնօրէն խորհուրդի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ աշակերտներու: Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Արամ Գարատաղլեան։
Լիբանանի քայլերգէն ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Կոկիկեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Սուհէյլա Հայէք, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան, ի մասնաւորի լիբանանահայ վարժարաններու արաբերէնի ուսուցիչներուն եւ դատական կազմի անդամներուն։ Հայէք ներկայացուց «Պայան» մրցանքի կարեւորութիւնը՝ իբրեւ քաջալերող միջոց արաբերէնի զարգացման ու տարածման։
Ապա «Կոկիկեան» հիմնարկի անունով խօսք առաւ «Կոկիկեան»ի աշակերտներէն Շանթ Վարդանեան, որ յայտնեց հիմնարկին նկատմամբ իր երախտագիտութիւնը։ Ան հաստատեց, որ «Կոկիկեան»ի շնորհիւ ինք կրցած է իր համալսարանական ուսումը ստանալ՝ Լիբանանի լաւագոյն համալսարաններէն մէկուն մէջ։ «Հիմնարկ»ի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք Վարդանեան շեշտեց, թէ աշակերտները լաւապէս պէտք է տիրապետեն արաբերէնին, որովհետեւ արաբերէնը Լիբանանի սահմանադրութեամբ ճշդուած երկրի պաշտօնական լեզուն է։
Ապա պարգեւատրուեցան 2014-2015 տարեշրջանին, հայկական բարձրագոյն վարժարաններէն արաբերէնի բարձրագոյն միջին ապահոված 10րդ, 11րդ եւ 12րդ դասարաններու աշակերտները, որոնք հիմնարկին կողմէ ստացան յատուկ յուշանուէրներ։
«Պայան» մրցանքի անցնող տարեշրջանի մրցանակակիր, Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանէն Ռոտրիկ Սեփեթճեան ընթերցեց՝իր շնորհաւորական ուղերձը ու յանձնեց «Պայան»ի յուշանուէրը, որմէ ետք Հայկազեան համալսարանի երաժշտական ակումբէն Զիատ Ժամալ երգեց Ֆէյրուզէն երկու երգեր։
Իր կարգին խօսք առաւ հաղորդավար Զաւէն Գույումճեան, որ մեծապէս գնահատեց «Կոկիկեան» հիմնարկի նախաձեռնութիւնը։ Ան նշեց, որ արաբերէնը երաշխիքն է Լիբանանի մէջ իրաւունքներու պաշտպանութեան՝ իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիներ։ Իր անհատական փորձառութիւնը ներկայացնելով Գույումճեան շեշտեց, թէ ինք առաջին հայն էր, որ մուտք գործած էր Լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններուն մէջ իբրեւ հաղորդավար, եւ միշտ ալ առիթներ կան, եթէ առկայ է համապատասխան պատրաստուածութիւնն ու արաբերէնին տիրապետումը։
Ապա տեղի ունեցաւ «Պայան»ի մրցանակաբաշխութիւնը։ Մրցանակակիր աշակերտներն էին.
Առաջին՝ Լիւսի Թապաքեան (ՀԲԸՄ Դարուհի – Յովակիմեան բարձ. վարժարան)
Երկրորդ՝ Մարիա Ունճեան (Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձ. վարժարան)
Երրորդ՝ Շերպէլ Ապէթեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձ. վարժարան)
Մրցանքի աւանդութեան համաձայն, առաջին մրցանակակիր Լիւսի Թապաքեան ընթերցեց իր շարադութիւնը, իսկ վարժարանի տնօրէն Արա Վասիլեան ստանձնեց «Պայան»ի յուշանուէր-մրցանակը։