Արցախի Գանձասար վանքին մէջ բացուեցաւ Մաշտոցի անուան մատենադարան-«Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնը: Մատենադարանի բացման ներկայ էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, հայկական երկու հանրապետութիւններուն պաշտպանութեան եւ մշակոյթի նախարարները, բարձրաստիճան այրեր, ինչպէս նաեւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ:
Բացման արարողութեան առիթով տեղի ունեցած է Մատենադարանի գիտաշխատողներու «Արցախի մանրանկարչական արուեստը» եւ «Արցախի գրչութեան կեդրոնները» գիրքերուն շնորհանդէսը: Գանձասարի գիտամշակութային կեդրոնի բացման առիթով Սերժ Սարգսեան կեդրոնին նուիրաբերած է 12-13-րդ դարերու Կիւլիստանի Աւետարան մը:
Կեդրոնը կազմուած է գիտական եւ թանգարանային մասերէ, գիտաժողովներու, մշակութային տարաբնոյթ ձեռնարկներու իրականացման համար նախատեսուած դահլիճէ, գրադարանէ ու ընթերցասրահէ: Նորաբաց ցուցասրահներուն մէջ ներկայացուած են՝ Արցախի մէջ վաղ միջնադարէն մինչեւ նոր շրջանը ստեղծուած 100-է աւելի ձեռագիրներու, Արցախի պատմութեան առնչուող հազուագիւտ վաւերագիրներու բնագիրեր ու ընդօրինակութիւններ, ինչպէս նաեւ հնատիպ գիրքեր: Ցուցանմուշներու ստեղծման աշխատանքները մեկնարկած են եօթ տարի առաջ եւ պատասխանատուներու հաւաստմամբ պիտի ունենան շարունակական բնոյթ:
Մատենադարան-Գանձասար գիտամշակութային կեդրոնի բացման խօսք առին Արցախի մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Երեւանի Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան, ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Ռատիկ Մարտիրոսեան, Օքսֆորտի համալսարանի փրոֆեսոր, հայագէտ Թել Մարթենուանլինտ: Ելոյթներէն ետք հոգեւոր հայրերու օրհնութեան եւ աղօթքի ներքոյ կատարուեցաւ Մատենադարանի հանդիսաւոր բացումը:
Մատենադարանի շէնքը հիմնանորոգուած է «Փիւնիկ» մարդկային աղբիրներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի միջոցներով: Մասնաճիւղը պիտի գործէ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի կառուցուածքին մէջ, եւ անոր լիարժէք գործունէութեան ուղղուած աշխատանքներուն մէջ պիտի կիրառուին Մատենադարանի գիտական ու գիտատեխնիկական ողջ ներուժը: