Յարգելով հետեւեալ յօդուածին հեղինակ ընկերոջ կարծիքը ու տեղ տալով բազմակարծութեան կը հրատարկենք սոյն յօդուածը մաղթելով, որ բազմակարծիք մեր բոլոր ընկերները իրենց իսկ ստորագրութեամբ կուսակցութեանս պաշտօնական օրկանը գործածէն իրենց կարծիքները փոխանակելու փոխանակ անստորագիր ու ամօթալի յօդուածներ ու նամակներ բաժնելու անյայտ միջոցներով:
Յոյսով ենք, որ այս մէկը նախընթաց մը կ՛ըլլայ ճակատաբաց երկխօսութեան մինչեւ զանազան միտքերը բիւրեղանան ու հանդարտին կիրքերը:
«Խմբ.»
«Տանձը ինծի, խնձորն ալ ինծի,
սերկեւիլն ալ սիրտս կ’ուզէ»:
Ճգնաժամեր եւ տարակարծութիւններ կը յառաջանան բոլոր կազմակերպութիւններու մէջ, բայց շնորհիւ կարգ մը անձերու, մա՛նաւանդ կազմակերպութեան մը շահերը անձնական զանազան շահերէ աւելի բարձր նկատող անձերու յարատեւ ու սրտցաւ անդամներու՝ ի վերջոյ կը լուծուին ծագած վէճերը, կը հարթուին տարակարծութիւնները եւ կը բառնան ճգնաժամերը:
Վերջին քսանամեակին ՌԱԿ-ը կրծող ներքին տագնապը լուծելու շատ մը փորձեր կատարուեցան, բայց ցաւօք սրտի կարգ մը ընկերներ չկրցան հաշտուիլ նոր իրականութիւններու եւ սերնդափոխութեան հետ եւ իրենց մէջ կրկին անգամ գլուխ բարձրացուցած եսակեդրոնութիւնն ու մենատիրական-շահադիտական ձգտումները պատճառ դարձան ճգնաժամի ու տարակարծութեանց յարատեւման:
Վերջին ամիսներուն գերագոյն ճիգ մը եւս գործադրուեցաւ սրտցաւ ընկերներու կոմէ հասկացողութեան մը գալու, համախոհութեան եզր մը գտնալու եւ միասնական ջանքերով դուրս գալու ստեղծուած կացութենէն: Այդ իսկ նպատակով կարգ մը ընկերներու առաջարկով թելադրուեցաւ Ընդհանուր Ղեկավարութեան Ժողով մը, որ ընդգրկէր անցեալի ու ներկայի բոլոր ղեկավար տարրերը անխտիր: ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը տրամաբանական գտնելով ներկայացուած առաջարկութիւնը յայտնեց իր համաձայնութիւնը եւ որոշեց դրական քայլեր առնել այդ ուղղութեամբ: Կը նշենք նաեւ թէ առաջարկող ընկերները բազմաթիւ դրական նամակներ եւ արձագանքներ ստացան շրջանակներէն, նախկին ու ներկայ ղեկավար դիրքեր զբաղցուցած ընկերներէ:
Այս ընթացքին յանկարծ Անգլիոյ «Տամատեան» ակումբը նամակներով՝ ուղղուած Շրջանակներու եւ անհատներու, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան, կը տեղեկացնէր թէ Ընդհանուր Ժողով մը գումարած է եւ ընտրած է նոր վարչութիւն մը, ատենապետութեամբ Դոկտ. Հրաչ Գույումճեանի: Մեր համոզմամբ տեղի ունեցած են կանոնագրային մի քանի խախտումներ, որովհետեւ ըստ ՌԱԿ-ի Կանոնագրի, նախ Կեդրոնական Վարչութեան պէտք է տեղեկացուէր վարչութեան ընտրութեան մասին եւ խնդրել վաւերացում: Հետեւաբար Կեդրոնական Վարչութիւնը իր 18 Հոկտեմբեր 2015թ. նամակով կը կախակայէր Դոկտ. Հրաչ Գույումճեանը՝ սառեցնելով իր գործունէութիւնը:
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան առած որոշման կը յաջորդէր վարկաբեկիչ նամակ մը՝ ուղղուած Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանին, ստորագրուած «Տամատեան» ակումբի «վարչութեան» չորս անդամներու կողմէ:
Մեզի համար տարակոյս չկայ որ այս վերջին արարը դրդուած ըլլայ այն մարմնի կողմէ, որուն պիտի անդրադառնանք ստորեւ:
Վերջերս Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած է «ՌԱԿ Վերականգնումի Խորհրդակցական Հաւաք» մը, որուն ներկայ գտնուած են կարգ մը կուսակցականներ, որոնք ոչ մէկ շրջանակ կը ներկայացնեն: Ստոյգ աղբիւրներէ կ’իմանանք թէ անոնցմէ շատերու երթեւեկութեան եւ կեցութեան ծախսերը հոգացուած են մեզի յայտնի մարմնի մը կողմէ, նոյնիսկ Լիբանանէն անձնաւորութիւն մը պահանջած եւ ստացած է իր եւ կնոջ համար business class օդանաւային տոմսակներ:
Նշուած «Հաւաք»ին մասին գրուած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք. «…. քննարկելու շուրջ 15 տարիներէ ի վեր ոչ գաղափարախօսական այլ զուտ անհատական նկատումներու բերմամբ յառաջացած երկբեղկումը Կուսակցութեան շարքերէն ներս, վերացնելու համար բաժանումը»: Որո՞նք են այդ «զուտ անհատական նկատումներու բերմամբ» երկբեղկում յառաջացնողները, եթէ ոչ անոնք, որոնք տարիներէ ի վեր աթոռի մոլեգին պայքար կը մղեն այն բոլոր Կեդրոնական Վարչութիւններու դէմ, որոնց մաս չեն կազմեր իրենք: Որո՞նք են անոնք, եթէ ոչ այն դիրքամոլները, որոնք նստած են կուսակցապատկան կալուածներու վրայ եւ խորացուցած են ու կը շարունակեն խորացնել բաժանումը «զուտ անհատական նկատումներէ» ելլելով:
Կը կարդանք նաեւ թէ «21 ղեկավար դէմքեր» մասնակցած են նշուած ժողովին: «Ներկաներուն մաս կը կազմէին նաեւ այս լուրջ կացութեամբ մտահոգ ներկայի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ»: Կը յիշեցնենք թէ այդ երկու անդամները երկար ատենէ ի վեր չէին մասնակցեր Կեդրոնական Վարչութեան ժողովներուն, եւ վերջերս առնուած որոշմամբ արդէն դադրեցուած են Կեդրոնական Վարչութենէն:
Կը նշուի նաեւ թէ «այս խորհրդակցական հաւաքը կը կանխէր ներկայ Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ յայտարարուած Պատգամաւորական ժողովը», մինչդեռ իրականութիւնն այն է որ Կեդրոնական Վարչութիւնը ընդունած էր Հայրենիքի մէջ գումարել Ընդհանուր Ղեկավարութեան Ժողով մը, որմէ ետք պիտի կայանար Կուսակցութեանս 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովը: Հետեւաբար «ՌԱԿ Վերականգնումի Խորհրդակցական Հաւաք»ը կը ծառայէ միայն իրենց նշած երկբեղկումի խորացման:
Կը տեղեկանանք վերոնշեալ հաղորդագրութենէն որ «ժողովը մասնակիցներէն ընտրեց վեց անդամներէ բաղկացած Բանակցութեան Յանձնախումբ մը…, որոնք պիտի առաջադրեն Մայք Խարապեանի, որ գործակցաբար շուտով գումարուի միացեալ պատգամաւորական ժողով մը…»:
Տարօրինակ կը գտնենք այս որոշումը, որովհետեւ բանակցութիւնները կը վարուին ոչ թէ անհատի այլ ամբողջ վարչութեան հետ:
Հետեւինք հաղորդագրութեան վերջին պարբերութեան մէջ արձանագրուած «գլուխ գործոցին»: «Կ’ակնկալուի որ այս մասին Ընկ. Խարապեան դրական գործակցութիւն կը ցուցաբերէ յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին: Հակառակ պարագային Բանակցային Յանձնախումբը լիազօրուած պիտի ըլլայ հրաւիրել Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողով մը, ընտրելու համար Կեդրոնական Վարչութիւնը»:
Ա՛յ քեզ հանճարեղ հերթական սպառնալիք մը՝ ուղղուած օրինաւոր կերպով ընտրուած Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին: Որո՞նք են այն շրջանակները, որոնց մասնակցութեամբ պիտի գումարուի նշուած «պատգամաւորական ժողովը»: Արդեօ՞ք հերթական անգամ ըլլալով մասնացողներուն պիտի բաժնուին business class օդանաւի տոմսակներ եւ «Մարրիոթ»ի մէջ շքեղ սենեակներ ու զանազան խոստումներ:
Ի զուր տեղը հայ աշուղը չէ երգած.
– Խելքի աշեցէ՛ք (եկէք):
Իմ անկեղծ համոզումով Ընդհանուր Ղեկավարութեան Ժողովը լաւագոյն միջոցն է հաւաքելու բոլոր շրջանակները եւ անշահախնդիր ղեկավար ընկերներ՝ արծարծելու Կուսակցութիւնը յուզող հարցերը եւ պատրաստելու Կուսակցութեան 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Հայրենիքի մէջ:
Յակոբ Անդրէասեան
Երուսաղէմ, 16 Նոյեմբեր 2015