Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

«Նախկին Սահմաններուն Վերադարձ Պիտի Չըլլայ» . Դ. Բաբայեան

Նախկին սահմաններուն վերադարձ պիտի չըլլայ: Այս մասին յայտարարեց ԼՂՀ նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան, NEWS.am-ի խնդրանքով մեկնաբանելով եօթ շրջաններու հետ կապուած՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի յայտարարութեան վերաբերեալ ԱՓԱ-ի հրապարակած տեղեկութիւնը:

Դաւիթ Բաբայեանի խօսքով, ազրպէյճանական լրատուամիջոցները յաճախ այդպիսի տեղեկութիւններ կը հրապարակեն, իսկ երբեմն այնքան կը տարուին, որ միջնորդներուն «Ազրպէյճանին Լեռնային Ղարաբաղը վերադարձնելու մասին» յայտարարութիւններ կը վերագրեն:

ԱՓԱ գործակալութեան հրապարակման համաձայն, Ճէյմս Ուորլիք յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի 7 շրջանները Ազրպէյճանի վերահսկողութեան վերադարձնելը՝ հակամարտութեան հակակողմանի կարգաւորման մաս կը կազմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին