Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցաւ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2015» մրցոյթը: Հայաստանի պատուիրակ 12-ամեայ Միքան ելոյթ ունեցաւ 11-րդ թիւով` կատարելով Աւետ Բարսեղեանի եւ Լիլիթ Նաւասարդեանի հեղինակած «Love» երգը:
Մրցոյթէն ետք մեկնարկած քուէարկութեան արդիւնքներով, ինչպէս նաեւ դատական կազմի գնահատականներով, Միքան ստացաւ 176 միաւոր եւ գրաւեց երկրորդ տեղը:
«Մանկական Եւրոտեսիլ 2015» մրցոյթին 185 միաւորով յաղթեց Մալթայի ներկայացուցիչ Տեսթինի Չուքուներէն «Not My Soul» («Ոչ Իմ հոգիս») երգով: