Նոյեմբեր 5-ին Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ, տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ` ցուցադրութիւն եւ գիրքերու բարեգործական վաճառք: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի (ՀՑԹՀ) պաշտօնական կայքը:
Ֆրանսահայ համայնքին ներկայացուած են փոստային բացիկներ, որոնց վրայ պատկերուած են հայկական եկեղեցիները: Բացիկները թողարկուած են 20րդ դարասկիզբին միջազգային փոստային ծառայութեան կողմէ։
Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ տպագրուած բացիկներուն մէջ պատկերուած էին Արեւմտեան Հայաստանի, Իրանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու հայկական եկեղեցիները:
«Եկեղեցիներու մեծ մասը չկայ: Սա է ցաւալի իրողութիւնը եւ ցուցադրութեան խորհուրդը ` կապուած այս տարուան հետ: Անոնք աւերուած են Եղեռնի տարիներուն կամ անկէ յետոյ թրքական քաղաքականութեան հետեւանքով, նպատակաուղղուած աւերուած են պոլշեւիկեան իշխանութեան օրօք: Հրաշքով պահպանուած եկեղեցիներու շէնքերու նախնական տեսքը կը տեսնէք: Անոնք այսօր փոխուած են: Կա′մ վերածուած են մզկիթի, ինչպէս Այնթեպի եկեղեցին, կա′մ ալ ամբողջութեամբ փոխուած են, ինչպէս օրինակ Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին: Աւաղ այս եկեղեցիներու մեծ մասը ժամանակի զոհը դարձած են», ելոյթի ժամանակ նշած է ՀՑԹՀի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:
Ձեռնարկի ընթացքին հնարաւոր եղած է ձեռք բերել ՀՑԹՀի հրատարակած գիրքերը: Անոնց վաճառքէն ստացուած գումարը պիտի յատկացուի սուրիահայերու նպաստամատոյցին: Ցուցադրութիւնը բաց մնացած է մինչեւ Նոյեմբեր 22: