Մետաքսի ճամբու նախագիծի իրականացման մէջ շատ կարեւոր է յարմարաւէտութիւնը: Մենք չենք ստիպեր որեւէ երկրի միանալ այդ նախագծին։ Ըստ News.am-ի՝ այս մասին «21-րդ դարու մետաքսի ճանապարհը. Հեռանկարներ եւ համագործակցութիւն» համաժողովի ծիրէն ներս, լրագրողներուն ըսած է Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանատան խորհրդական Լօ Շիսիւնը:
Անոր խօսքով այս համաժողովը շատ լաւ ծրագիր է՝ Մետաքսի ճամբու տնտեսական գօտիի համատեղ շինարարութեան շուրջ կարծիքներ փոխանակելու համար: «Հայաստանն ու Չինաստանը լաւ յարաբերութիւններ ունին, կը պահպանուի քաղաքական վստահութեան բարձր մակարդակը, կը զարգանան մարդասիրական եւ առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւնները: Ինչ կը վերաբերի Մետաքսի ճամբուն, մենք պատրաստ ենք քննարկել եւ որոշումներ կայացնել մեր հայ գործընկերներուն հետ», նշած է Շիսիւն:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ Հայաստանը Մետաքսի ճամբուն պիտի մասնակցի ԵՏՄ ծիրէ՞ն ներս, թէ ինքնուրոյն, ան նշած է. «Ե՛ւ երկկողմ, ե՛ւ բազմակողմ ձեւաչափով: Մենք կը քննարկենք այդ հարցը: Այստեղ ամենակարեւորը այն է, որ նախաձեռնութեամբ կը պահպանուի թափանցիկութեան սկզբունքը: Մենք բանակցութիւններու ընթացքին ընդհանուր լեզու պիտի գտնենք, համաձայնութեան պիտի գանք, պիտի աշխատինք եւ քաղենք պտուղները»:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ Հայաստանը տնտեսական առումով ինչպէ՞ս կրնար հրապուրել Չինաստանը, Շիսիւն պատասխանած է. «Հայաստանը Չինաստանի համար առեւտուրի, շփման եւ բարեկամութեան ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ գործընկեր է: Բարեկամութիւնը աւելի կարեւոր է, քան նոյնիսկ առեւտուրը»: