Երկուշաբթի, 09. 09. 2024

spot_img

Գամիշլիէն Էտինպուրկի Համալսարան Հասած Սուրիահայ Ուսանողը

*ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ*

 Սուրիահայ Հուրի Մելքոնեանը կ՛ուսանի Էտինպուրկի համալսարանը: Հալէպի համալսարանի շրջանաւարտը այն 5 ուսանողներէն մէկն է (եւ միակ հայը), որուն չորս տարի առաջ Սուրիոյ կառավարութիւնը որպէս լաւագոյն ուսանող, հնարաւորութիւն տուած է ուսումը շարունակելու արտերկրի մէջ: Հուրին ընտրած է Մեծ Բրիտանիան: Ուսանելէն բացի կը զբաղի հետազօտական աշխատանքով, կը դասախօսէ երկու համալսարաններու մէջ:

Հուրին առաջին անգամ Հայաստան եկած է այս տարուան գարնան: Ցանկութիւններէն մէկը եղած է անպայման այցելել Երեւանի պետական համալսարանի Մաթեմաթիկայի բաժանմունք: Այց մը, որ Հուրիին խօսքերով կարեւոր եղաւ իրեն համար.

«Մարտին եկայ Հայաստան նախեւառաջ մայրիկիս տեսնելու, որուն մօտ երկու տարիէ չէի տեսած: Ան Հալէպէն Հայաստան եկած էր: Այնուհետեւ ցանկացայ անպայման այցելել Երեւանի պետական համալսարանի մաթեմատիկայի բաժանմունք: Այցս շատ արդիւնաւէտ եղաւ:  Ո՛չ միայն ծանօթացայ շարք մը մասնագէտներու հետ, այլեւ տեղեկացայ, որ Սեպտեմբերին միջազգային գիտաժողով պիտի կազմակերպուի: Հետաքրքրուեցայ ու տեսայ, որ ես նոյնպէս կրնամ մասնակցիլ: Կրկին Հայաստան եկայ Սեպտեմբերին»:

«Ներդաշնակ  վերլուծութիւն եւ մօտաւորութիւններ» խորագիրով միջազգային 6-րդ գիտաժողովը, որ տեղի կ՛ունենայ երեք տարին մէկ, Հայաստանի մէջ համախմբած էր աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած մաթեմատիկներ, որոնք իրարու կը հաղորդեն սեփական փորձն ու գիտելիքները: Օտար երկիրներէ ժամանած մատթեմատիկներուն մէջ Հուրին միակ հայն էր:

«Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ` Սեպտեմբեր 12-էն 18: Անիկա ինծի շատ բան տուաւ. նախեւառաջ ծանօթացայ հայ մաթեմատիկոսներու հետ, Երեւանի պետական համալսարանէն համագործակցութեան եւ աշխատանքի առաջարկ ստացայ: Համոզուած եմ, որ միասին կրնանք նոր խնդիրներ լուծել: Կու գամ Հայաստան աշխատելու, թէ ոչ` չեմ կրնար ըսել, բայց անպայման կը ցանկամ հայաստանցի մասնագէտներու հետ համատեղ հետազօտութիւններ իրականացնել, Հայաստանի ամսագիրներուն թղթակցիլ»:

Էտինպուրկի մէջ, ուր կ՛ապրի Հուրին, շատ քիչ հայեր կ՛ապրին: Իսկ ընտանիքի անդամները, Սուրիոյ դէպքերէն ետք տարբեր երկիրներ կը բնակին:

«Մայրս 1,5 տարի Հայաստան մնալէ ետք` այժմ եղբօրս մօտ է` Վիեննա, քոյրս ալ Նորվեկիա կ՛ապրի: Իսկ միւս եղբայրս` Աբրահամը, Սուրիա է, կը ծառայէ Սուրիական բանակին մէջ. արդէն 5-րդ տարին է: Դժուար է, բայց ուրիշ լուծում չկայ: Գրեթէ ամէն օր կապի մէջ ենք:

«Իսկ Էտինպուրկի մէջ շփումս հիմնականօրէն անգլիացիներու հետ է: Կը կարօտնամ հայկական ամէն բան, հայերու հետ շփման պակաս կը զգամ: 2011 թուականին երբ մեկնեցայ Մեծ Բրիտանիա, ցանկացայ հայկական համայնքի հետ ծանօթանալ՝ հետաքրքրուեցայ, թէ ուր կը հաւաքուին հայերը: Տեղեկացայ, որ հայերը հիմնականօրէն Լոնտոն կ՛ապրին, ուր հայկական համայնք կայ: Ցաւօք Էտինպուրկի մէջ շատ քիչ հայեր կ՛ապրին: Ճիշդ է, 2-3 ընկերներ ունիմ, բայց ատիկա բաւարար չէ: Այլ ելք չունիմ, պէտք է ընտելանամ մթնոլորտին, մինչեւ աւարտեմ համալսարանը: Կը կարօտնամ հայկական ամէն ինչը: Այդ կարօտը քիչ մը մեղմելու օգնեց Հայաստան այցելութիւնս: Կը յիշեմ երբ առաջին անգամ Հայաստան եկայ, ինծի ամենեւին օտար չզգացի, շուրջս բոլորը հայերէն կը խօսէին: Շատ ուրախ էի եւ զարմացած, թէ ինչպիսի մտերմութեամբ զիս ընդունեցին: Հայրենիքը ուրիշ է, այստեղ հոգիդ ուրախ է: Անգլիոյ մէջ իմ ընկերներուս հպարտութեամբ կը պատմէի, որ պիտի մեկնիմ իմ երկիրս, ուր միջազգային գիտաժողովին պիտի ներկայացնեմ իմ հետազօտութիւններս: Էտինպուրկցիներէն շատերու համար Հայաստանը ընդամէնը աշխարհագրական տարածք է, տեղ մը քարտէզի վրայ: Այդ պատճառով է, որ երբ կը ներկայանամ օտարին` նախ կ՛ըսեմ հայ եմ, յետոյ միայն սուրիահայ: Կը փորձեմ, որ անոնք լաւ ձեւով ճանչնան հայերը, լաւ տպաւորութիւն ունենան մեր երկրին, մեր ժողովուրդին մասին:

«Յոյս ունիմ, որ ապագային կը կարենամ աւելի սերտ կապեր հաստատել Երեւանի պետական համալսարանի հետ, կը կարենանք միասին  գործեր իրականացնել: Պէտք է փորձեմ եւ ընեմ հնարաւոր ամէն ինչ` ցանկալի արդիւնքի հասնելու համար»:

«Հայերն Այսօր»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին