Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Փարիզի Դէպքերը Չեն Ազդեր Հայաստանի Հետ Վիզայի Ազատականացման Վրայ

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Փիոթըր Սվիթալսքին երէկ յայտարարած է, որ Փարիզի մէջ 13 Նոյեմբերին տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւնները բացասաբար չեն անդրադառնար՝ Հայաստանի հետ վիզայի կարգը ազատականացնելու մտադրութեան վրայ:

Նախապէս «Մետիամաքս»ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին դեսպանը ըսած էր, որ եթէ ամէն ինչ ընթանայ ըստ նախատեսուածի, ապա հնարաւոր պիտի ըլլայ 2016ին սկսիլ նախնական բանակցութիւնները՝ Հայաստանի հետ վիզայի ազատականացման երկխօսութեան շուրջ:

Երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին Փիոթըր Սվիթալսքի վերահաստատած է այս հարցով ԵՄի յանձնառութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի ՀՀ քաղաքացիներուն Շէնկենի վիզաներու տրամադրման՝ դեսպանը ընդգծած է, որ այդ գործընթացը պիտի իրականանայ նախկինին պէս, սակայն Հայաստանի քաղաքացիները կրնան հանդիպիլ անվտանգութեան խստացուած քայլերու Շէնկենի գօտիի տարածքին:

Փիոթըր Սվիթալսքի նկատել տուած է, որ ահաբեկիչները չյաջողեցան խախտել մարդու հիմնարար իրաւունքներէն մէկը` ազատ տեղաշարժի իրաւունքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին