Շաբաթ, 14. 09. 2024

spot_img

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Աշխատանքային Այցով Մեկնած Է Հիւսիս-Արեւելեան Սահմանագօտի

Հայաստանի նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան, երէկ աշխատանքային այցով մեկնած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիս-արեւելեան պաշտպանական դիրքեր: Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, նախագահը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին եւ ՀՀ զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ, շրջայց կատարած է սահմանային զօրամասերուն մէջ, այցելած է պաշտպանական դիրքեր, ծանօթացած է զինուած ուժերու մարտական պատրաստակամութեան եւ բանակաշինութեան ընթացիկ աշխատանքներուն:
Հանրապետութեան նախագահը ներկայ գտնուած է 2-րդ բանակային զօրամիաւորման ստորաբաժանումներու ներգրաւմամբ իրականացած ցուցադրական մարզումներուն, ունկնդրած է բանակային զօրամիաւորման հրամանատարի զեկոյցը՝ ենթակայ զօրամասերուն մէջ տիրող իրավիճակին եւ առկայ խնդրայարոյց հարցերու վերաբերեալ: Զօրամասերէն մէկուն մէջ նախագահը մասնակցած է նաեւ՝ զինծառայողներու համար նոր կառուցուած ճաշարանի բացման արարողութեան:
Նոյն օրը նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցով մեկնած է Արցախի Հանրապետութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին