Միչիկընի համալսարանի փրոֆէսոր Ռոնալտ Գրիգոր Սանին, «Ֆոսթըր» դահլիճին մէջ մեծ թիւով մարդոց ներկայութեամբ խօսած է 100 տարի առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով collegian.psu.edu-ն:
Սանին ներկաներուն պատմած է, թէ ինչպէս 1915-1917 թուականներու ընթացքին երիտթուրքերու իրականացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով, կեանքէն զրկուած են շուրջ 1.5 միլիոն հայեր: Ան կատարուածը անուանած է 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւն:
Անդրադառնալով այս խնդիրին շուրջ պատմաբաններու ունեցած դերակատարութեան` փրոֆէսորը ընդգծած է, որ անոնց խնդիրը ոչ միայն պարզելն է, թէ ինչ եղած է, այլեւ այն, թէ ինչու իրականացած է ատիկա: «Ցեղասպանութիւնը ոչ թէ մարդոց, այլ ժողովուրդի սպանութիւնն է»,- ըսած է ան` բացատրելով «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթին իմաստը:
Դասախօսութեան ներկայ ուսանողներէն մէկը` Ճայիմ Ռոզէնպըրկ ձեռնարկի աւարտին նշած է, որ անոր ընթացքին շատ նոր տեղեկութիւն ստացած է Ցեղասպանութեան մասին:
Ձեռնարկի կազմակերպիչներէն մէկը` Հայկական ուսանողական ընկերակցութեան նախագահ Անդրանիկ Չէքեմեանն ալ ընդգծած է ձեռնարկին կարեւորութիւնը` նշելով, որ շատերը ներկայիս Ցեղասպանութեան վերապրածներու 3-րդ կամ 4-րդ սերունդներն են: