«Մանկական եւրոտեսիլ-2015»-ի Հայաստանի պատուիրակութիւնը Պուլկարիոյ մէջ է, ուր երգիչ Միքան յագեցած ծրագիր ունի` լեցուն տարբեր փորձերով, ձայնագրութիւններով ու բազմապիսի հանդիպումներով, այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի հեռատեսիլի Առաջին ալիքի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:
Մրցոյթի Հայաստանի ներկայացուցիչ Միքան (Միքայէլ Վարոսեան) ու պատուիրակութեան միւս անդամները, հանդիպում ունեցած են Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արսէն Սհոյեանի հետ: Դեսպանը յաջողութիւններ մաղթած է Հայաստանի պատուիրակութեան եւ վստահութիւն յայտնած, որ Միքան լաւագոյնս պիտի ներկայացնէ Հայաստանը «Մանկական Եւրոտեսիլ»-ին եւ պիտի զբաղեցնէ պատուաւոր տեղ:
Դեսպանի հետ հանդիպման յաջորդած է նաեւ հանդիպում Պուլկարիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որ եւս շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած է:
Հայ համայնքի ներկայացուցիչները յաջողութիւն մաղթած են մեր պատուիրակին պատասխանատու ելոյթի ընթացքին եւ վստահութիւն յայտնած, որ ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս Հայաստան կ՛առանձնանայ իր յիշարժան ելոյթով: Անոնք կոչ ուղղած են բոլոր սփիւռքահայերուն ըլլալու Միքայի կողքին, սատաելու անոր եւ քուէարկելու Հայաստանի օգտին:
Միքան եւ իր երեք մուսաները հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն համար կատարած են մրցութային LOVE երգը:
Յիշեցնենք, որ մրցոյթը այս տարի կ՛իրականանայ Նոյեմբեր 21-ին Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ: Հայաստանի ներկայացուցիչ Միքան ելոյթ պիտի ունենայ համերգային երկրորդ հատուածին մէջ` 11-րդ համարի ներքոյ: