Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Նախորդ Գիշեր Արձակուած Են Աւելի Քան 900 Կրակոցներ

18 Նոյեմբերի եւ լոյս 19ի գիշերը, Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդի կողմէ հրադադարը խախտած է շուրջ 65 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 900 կրակոցներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ  զօրամասերու կողմէ  ձեռնարկուած անմիջական  քայլերու իբր արդիւնք` հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները լռեցուած են:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին