Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Հայաստան Ահաբեկչութեան Առումով Ամէնէն Անվտանգ Երկիրներու Ցանկին Մէջ Է

Լոնտոնի տնտեսագիտութեան եւ խաղաղութեան հիմնարկի (The Institute for Economics and Peace) հրապարակած «2015 թուականի ահաբեկչութեան համաշխարհային վարկանիշ» զեկոյցին համաձայն, Հայաստան ահաբեկչութեան թէական սպառնալիքի առումով ամէնէն անվտանգ երկիրներու շարքին է, կը հաղորդէ News.am-ը:

162 պետութիւններէ կազմուած վարկանիշին մէջ, ուր առաջին տեղը ահաբեկչութեան տեսանկիւնէ ամենավտանգաւոր երկիրն է, իսկ վերջին տեղը` ամէնէն անվտանգը, Հայաստան կը գրաւէ է 116-րդ հորիզոնականը:

Զեկոյցին համաձայն Հայաստանի համար սպառնալիքի հաւանական աղբիւրներէն է՝ 2014 թուականին 70 հայերու մասնակցութիւնը քրտական ջոկատներու հետ իսլամականներու դէմ պայքարին:

Հայաստանի հարեւանները` Ազրպէյճանն ու Վրաստանը, կը գրաւեն համապատասխանաբար 93-րդ եւ 71-րդ տեղերը, Ռուսիան 23-րդը:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ ահաբեկչական ամենաբարձր աշխուժութիւնը կեդրոնացած է 5 պետութիւններու` Իրաքի, Նիճերիոյ, Աֆղանիստանի, Փաքիստանի եւ Սուրիոյ մէջ: Երկիրներու առաջին տասնեակին մէջ են նաեւ Հնդկաստանը, Եմենը, Սոմալին, Լիպիան եւ Թայլանտը:

Ընդհանուր առմամբ 2014 թուականին եղած է աշխարհի 67 երկիր, ուր ահաբեկչութեան հետեւանքով առնուազն 1 մարդ զոհուած է: Ան 8-ով աւելի է նախորդող տարուընէ, ներառեալ այնպիսի զարգացած պետութիւններ, ինչպիսիք են Աւստրիան, Աւստրալիան, Պելճիքան, Գանատան եւ Ֆրանսան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին