Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

«Արցախի Մէջ Գործարարութիւն Սկսողները Առաջին 3 Ամիսները Կ՛ազատին Հարկերէն». Ա. Յարութիւնեան

Երէկ տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հերթական նիստը` վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԼՂՀ Կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Նիստի ընթացքին Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան՝ ՓՄՁի պետական աջակցութեան 2016թ. ծրագիրին: Նախագիծը հիմնուած է կառավարութեան որդեգրած տնտեսական քաղաքականութեան հիմնարար սկզբունքներուն վրայ: Ծրագիրը ուղղուած է նպաստելու հանրապետութեան, յատկապէս անոր հեռաւոր եւ սահմանամերձ բնակավայրերու տնտեսական զարգացման եւ անհամամասնութիւններու յաղթահարման: Ծրագիրով պիտի կարգաւորուին նաեւ ՓՄՁ ենթականերու նիւթական աջակցութեան, առեւտրային դրամատուներու կողմէ անոնց տրամադրուած վարկերու տարեկան տոկոսադրոյքներու մասնակի օգնութեան, ՓՄՁ ենթականերուն վարկային երաշխաւորութիւններու տրամադրման եւ շարք մը այլ հարցեր:

Կառավարութեան կողմէ հաւանութեան արժանացած է նաեւ «Հարկերու մասին» Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացում եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» ու շարք մը յարակից այլ օրէնքներու մէջ լրացում եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը: Ատով կ՛առաջարկուի գործունէութիւնը նոր սկսող հարկ վճարողներուն եռամսեայ ժամկէտով ազատել առեւտուրի հարկէն, հաստատագրուած եւ արտօնագրային վճարներէ: Չարաշահումներէ խուսափելու նպատակով` կը նախատեսուի արտօնութեան կիրառման բացառութիւններու դէպքեր: Փաթեթով կ՛առաջարկուի նաեւ փաստաբանական ծառայութիւններու մատուցումը ազատել աւելցուած արժէքի հարկէն, ինչպէս նաեւ պետական գնումներու ծիրէն ներս ապրանքներու մատակարարման եւ ծառայութիւններու մատուցման գործարքներու մասով աւելցուած արժէքի հարկի վճարման ժամկէտը յետաձգելու՝ մինչեւ մատակարարուած ապրանքներու եւ մատուցուած ծառայութիւններու դիմաց վճարման հաշուետու ժամանակաշրջանը:

Կը նախատեսուի զբօսաշրջային գործարկուի կամ զբօսաշրջային գործակալի կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներուն մատուցուող ծառայութիւնները ազատել աւելցուած արժէքի հարկէն՝ ոչ միայն Արցախի Հանրապետութեան, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին իրականացող ուղեւորութիւններու համար:
Հարկային փոփոխութիւններուն անդրադառնալով վարչապետը յանձնարարած է օրէնքները ուժի մէջ մտնելէ ետք՝ շահագրգիռ անձանց մէջ բացատրական-տեղեկատուական աշխատանքներ իրականացնել:

Հաւանութեան արժանացած օրէնքներու նախագիծերը սահմանուած կարգով պիտի ներկայացուին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի քննարկման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին