Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Ազրպէյճանական Կողմը Անցեալ Գիշեր Կրակած Է Նաեւ Ականանետերէ

Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) տուեալներու համաձայն, 19 Նոյեմբեր լոյս 20-ի գիշերը, Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ, հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտած է շուրջ 70 անգամ, որու ընթացքին տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 մմ-ոց ականանետերէ (3 արկ), հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 900 կրակոցներ:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ, ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումներու կողմէ ձեռնարկուած համապատասխան գործողութիւններու իբր արդիւնք, հակառակորդին կարակոցները ճնշուած են: Շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հայ դիրքապահները կը շարունակեն՝ վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին