Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Սթամպուլի Գիտաժողովը Նուիրուած Պիտի Ըլլայ Ոչ Մահմետականներու Գոյքի Բռնագրաւման

Նոյեմբեր 20-21-ին «Ոչնչացուած քաղաքակրթութիւն. ոչ մահմետականներու ունեցուածքը օսմանեան շրջանի վերջը եւ Հանրապետական շրջանի սկիզբը» խորագիրով գիտաժողով տեղի պիտի ունենայ Սթամպուլի մէջ:

Ըստ «Ակօս» թերթի կայքին` գիտաժողովը կազմակերպուած է Հրանդ Տինքի հիմնադրամի, Պողազիչի համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի, Սապանճը եւ Պիլկի համալսարաններու համագործակցութեամբ:

Գիտաժողովը, որուն կը մասնակցին գիտնականներ ինչպէս Թուրքիայէն, այնպէս ալ արտասահմանէն, պիտի իրականանայ երեք լեզուներով` հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն:

Ժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին այնպիսի թեմաներ, ինչպէս 1914-1924թթ. եւրոպական դրամագլուխը ներկայացնող ոչ մահմետական առեւտրականները,  1915-ին եւ անկէ ետք ոչ իսլամներու ունեցուածքի բռնագրաւման եւ բաժանման գործընթացի քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական հետեւանքները, ոչ մահմետականներու կողմէ հիմնադրուած առեւտրական ձեռնարկութիւններու պատմութիւնը, ոչ մահմետական ձեռնարկատէրերու` օսմանեան քաղաքներու նկատմամբ ստանձնած բարեգործական պարտաւորութիւնները, Անատոլիայէն դէպի խոշոր քաղաքներ ձեռնարկատէրերու գաղթը, ոչ մահմետական առեւտրականներու եւ կրօնական համայնքներու յարաբերութիւնները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին