Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Երէկ Մեկնարկեց «Հայաստան» Հիմնադրամի Համաեւրոպական Դրամահաւաք-Հեռախօսամարաթոնը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր Ֆրանսայի տեղական մարմնի գլխաւորութեամբ, Նոյեմբեր 18-էն 22 կ’իրականացնէ 16-րդ համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնը, որուն կնքամայրն ու կնքահայրն են Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալքոն եւ Օ-տը-սեն նահանգի խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տեւեճեանը: Վերջիններս այդ 5 օրերու ընթացքին պիտի քաջալերեն հայ համայնքը` նախաձեռնութեան աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով:  Այս մասին կը յայտնեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութենէն:

Դրամահաւաքի ամբողջ հասոյթը պիտի ուղղուի Արցախի համայնքային կեդրոններու կառուցման, Տաւուշի մարզի գիւղատնտեսական ծրագիրներու զարգացման ու ընդլայնման, Սուրիոյ եւ Իրաքի հայ ապաստանեալներու օգնութեան:

«Չարագործներու ձեռքով այսօր մեր երկիրը` Ֆրանսան, վիրաւոր է: Մենք կը սգանք: Նոյն դաժանութիւնը 1915-ին տեսած մեր հայ ժողովուրդի զաւակներուն մէկ մասն ալ այսօր՝ բարբարոսներու պատճառով հարկադրաբար կը լքէ իր տունը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ու տարագիր ճամբայ կ՛որդեգրէ: Սա հարուած է քաղաքակրթութեան մը, որուն հիմքին մէջ ինկած են սէրը մերձաւորին հանդէպ, յարգանքը մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ, հանդուրժողականութիւնն ու ազատութիւնը: Հայաստանն ու Արցախը նոյն քաղաքակրթութեան կրողներն են: Մենք պէտք է պաշտպանենք այդ քաղաքակրթութեան սահմանները եւ աջակցինք այն տասնեակ հազարաւոր հայերուն, որոնք այսօր հրատապ օգնութեան կարիք ունին: Հեռախօսամարաթոն 2015-ի կնքամայր Անն Իտալքոյի եւ կնքահայր Փաթրիք Տեւեճեանի համաձայնութեամբ մենք կ՛իրականացնենք մարդասիրական խոշոր այս ձեռնարկը, ինչպէս որ նախատեսուած էր: «Դուք մեզ չէք վախեցներ» խօսքերը, որ գրուած են Փարիզի շէնքերու պատերուն վրայ, լիովին կ՛արտացոլեն մեր դիքորոշումը»,- յայտարարած է Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը:

Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի գլխաւորութեամբ կազմակերպուող՝  համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնի այս տարուան բացումը ազդարարուեցաւ Նոյեմբեր 12-ին, Փարիզի քաղաքապետարանի պալատին մէջ կայացած ճաշով:

Դրամահաւաք-հեռախօսամարաթոնը կը կազմակերպուի Ֆրանսայի Փարիզ, Մարսէյլ, Թուլուզ եւ Լիոն քաղաքներու մէջ, ուր աւելի քան 600 կամաւորներ 5 օրեր շարունակ հեռախօսով պիտի կապուին եւրոպաբնակ շուրջ 50000 հայ ընտանիքներու հետ եւ հանգանակութիւններ հաւաքագրեն:
Աւանդոյթին համաձայն հեռախօսամարաթոնի մասնակից երկիրներն են Ֆրանսան, Գերմանիան եւ Զուիցերիան: Եւրոպայի մէջ գործող Հիմնադրամի միւս տեղական մարմինները (Մեծ Բրիտանիա, Աւստրիա, Հոլանտա, Շուէտ, Ռումանիա, Յունաստան եւ Կիպրոս), իրենց երկիրներու մէջ կը կիրառեն սեփական դրամահաւաքի մեքանիզմները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին