Վան նահանգի Արճէշի շրջանի Թոնդրակ գիւղին մէջ, թուրք զինուորականները սպաննուած քիւրտ զինեալները այրած են, որմէ ետք անոնց մոխրացած դիակներուն վրայ շուրջպար բռնած:
Ըստ News.am-ի՝ քրտական DIHA լրատուական գործակալութիւնը կը փոխանցէ, որ Նոյեմբեր 15-ին Արճէշի Թոնդրակ գիւղին մէջ, թուրք զինուորներու եւ քիւրտ զինեաներու միջեւ բախման վերաբերեալ՝ սարսափելի տեղեկութիւններ յայտնած են տեղացիները:
Թոնդրակցիները պատմած են, որ թուրք զինուորները գործողութիւն իրականացուցած են տան մը վրայ, ուր եղած են 3 քիւրտ զինեալներ: Զինուորականները չեն բաւարարուած տունը ռմբակոծելով ու ցանց սարքելով, այլ 3 քիւրտ զինեալները սպաննելէ ետք այրած են անոնց դիակները: Ականատեսները պնդած են, որ զինուորականները իրենց յաջողութիւնը նշած են՝ սպաննուած քիւրտ զինեալներուն վրայ շուրջպար բռնելով:
Ականատեսները պատմած են նաեւ, որ թուրք զինուորականները դիակները այրելու ժամանակ սպառնացած են քիւրտ գիւղացիներուն` ըսելով. «Բոլորդ հայ էք, դուք դեռ ձեր օրը կը տեսնէք»:
Վերոյիշեալ լուրին խորագիրին վրայ աւելցնենք, որ Վանայ լիճի Արճէշի շրջանի Թոնդրակը իսկապէս հայկական գիւղ է եւ թուրք զինուորները ճիշդ են, որ հոն եղողները բոլորն ալ հայ են։ Պարզապէս դար մը ետք այդ խօսքերը արտաբերելը ցոյց կու տայ անոնց գազազածութիւնը՝ հայոց իրենց հողերու վրայ գտնուելուն փաստով, հոգ չէ թէ ակամայ քիւրտի տեսքով, որ զիրենք կը մղէ ճիշդ թրքավարի գազանութեան։ Իսկ թէ ո՞վ «իր օրը կը տեսնէ», այդ ալ ժամանակը ցոյց կու տայ։
«Խմբ»